ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱ՛ՅՐԸ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայերէն մին է։ Ան ծնած է Ափրիկէի Տագաստէ քաղաքը՝ նախկին Նումիտիան, այժմ՝ Ալճերիա։ Ան իր երիտասարդական տարիներուն բարոյական գետնի վրայ անկարգ կիրքերու յանձնուեցաւ։ Աստուծմէ հեռացնող ճամբաներու վրայէն քալեց երկա՜ր, անտարբեր դիրքաւորումով շնորհքի հրաւէրին։
«Սրբակեաց Մա՛յր» մը ունէր. իր սրբակեաց Մայրը փոքր տարիքէն կը սերմանէր իր զաւկին՝ Օգոստինոսի հոգւոյն մէջ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութեան սերմերը։ Սակայն, երկա՜ր, պիտի աղօթէր եւ համբերէր մինչեւ Աստուծոյ շնորհքը մուտք գտնէր եւ գրաւէր իր զաւկին հոգին։ Եւ 387 թուականի Զատկի օրը Մկրտութեան Աւազանէն «քրիստոնեայ» կը վերածնէր Սուրբ Օգոստինոս, Քրիստոսի բոցաշունչ սիրով յափշտակուած՝ նման Սաւղոսի, որ ատելավառ հալածիչէն՝ Քրիստոսանուէր Պօղոս առաքեալի վերածուեցաւ։
Եւ այսպէս, Օգոստինոսի Սրբակեաց Մայրը վերածնաւ իր զաւակը՝ որուն Մկրտութեան Աւազանը շնորհքի վառ շունչն էր…։
Մայր մը, ահաւասիկ, վերստին ծնաւ իր որդին, եւ հանդիսացաւ «տիպար մայր» մը՝ բոլոր նուիրական, անձնանուէր մայրերու նման՝ որոնք ո՛չ միայն կը ծնին իրենց զաւակները, այլ կը խնամեն զանոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը։ Ուստի մայր մը ո՛չ թէ միայն «ծնող» այլ նաեւ՝ հոգացող, խնամող է, ինչպէս Աստուած, որ Արարիչն է եւ Նախախնամը բոլոր արարածներուն։
Եւ ահաւասիկ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի «Որդիական սէր»ը իր սրբակեաց մօր հանդէպ։
«Տարօրինակ յուզում մը յանկարծ կը խռովէ զիս։ Հոգւոյս խորքը քնացող ցաւը կրկին կ՚արթննայ, եւ, աւելի ուժգին թափով՝ քան երբեք։
«Ցաւալի է մարդուն վիճակը։ Միտքս ի զուր կ՚աշխատի հոգեկան խռովքս վանել եւ սիրտս խաղաղել։ Կը կարծէի թէ արդէն սպիացած է իմ խորարմատ ցաւս, սակայն վէրքս կրկին կը բացուի եւ դարձեալ կ՚արիւնի։ Յաւիտենակա՛ն Աստուած, տե՛ս, ինչպիսի՜ յիշատակներ կ՚արթննան իմ մէջս։ Հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար՝ որ զիս դէպի ցած կը քաշէ։ Կ՚ընդդիմանամ ո՛րչափ կրնամ, չեմ ուզեր, սակայն կը զգամ, որ այտերէս արցունքներ կը սահին, եւ ակամայ հեծկլտուքը կը խեղդէ ձայնս։ Բայց արդար է, որ զգամ այդ ցաւը։
«Սիրելի մայր, ասիկա յստակ է որ այլեւս պիտի չտեսնեմ քեզ այս աշխարհի վրայ։ Դուն անգամ մը եւս, ինծի հետ միասին պիտի չկարենաս վերադառնալ հայրենիքդ։ Խաղա՜ղ հանգչէ ու ննջէ իմ հանգուցեալ քաղցր մայրս, որ ինծի կեանք պարգեւեցիր։
«Թանկագին մօրս խնկելի մարմինը Իտալիոյ հողին յանձնելով, ակամայ կը բաժնուիմ իրմէ, ու կրկին կը մեկնիմ դէպի Ափրիկէ։
«Ներէ՛ Աստուած իմ, ներէ՛, զաւակի մը սրտին կսկծալի պոռթկումներուն, Դո՛ւն գիտես, թէ ինչպիսի՜ մայր մը կորսնցուցի։ Ոչ միայն իմ այս մահկանացու կեանքս, այլ կեանքէս շատ աւելի արժէքաւոր գանձեր կը պարտիմ իմ անգին մօրս։ Անոր սրտին մեծագոյն փափաքն եղած էր միշտ՝ զիս երկնային, աստուածահաճոյ կեանքի մը առաջնորդել։
«Հազիւ բացուեցաւ մանուկ հոգիիս իմացական արշալոյսը, մայրս սկսաւ իմ սրտիս նորաբողբոջ տենչերը դէպի Քեզի ուղղել՝ ո՜վ Աստուած…, ես ալ հետեւելով մայրական ձայնին, Քու պաշտելի Անունդ սկսայ թոթովել՝ առանց Քեզ ճանչնալու։ Ի՛նչ որ մօրս շրթներն ինծի կը թելադրէին, մանկական պարզութեամբ կը կրկնէի եւ կը խոստանայի Քեզ միշտ սիրել, եւ Քեզ չլքել երբեք։
«Ո՜րքան անհաւատարմութիւն ի՛մ կողմէս։ Ո՞ւր մնացին խոստումներս, կը մեծնայի, եւ իմ յառաջացող տարիներուս համեմատ՝ ուղիղ չընթացաւ կեանքս։ Փոքր տարիքիս, մայրս անդադար կը սերմանէր հոգւոյս մէջ առողջ սերմերը գեղեցիկ առաքինութիւններու, բայց ապերախտ հողին վրայ կը ցանէր զանոնք։
«Մայրական քնքուշ սիրով, ամէն հնարք կը գործածէր որ իմ մէջս արթննար Քու օրէնքներուդ սէրը, սակայն ամէն ինչ ի զուր էր։ Եւ ես, կորստաբեր մոլորութիւններու անձնատուր, Քեզմէ կը հեռանայի, անոր զոյգ աչքերը՝ աղեկէզ արտասուքի աղբիւրներու վերածելով։ Ոեւէ մայր՝ իր միամօր զաւակին գերեզմանին վրայ ա՛յնքան արցունքներ չէ թափած, որքան իմ մայրս արտասուեց իմ հոգւոյս կորստեան վրայ, երբ զիս կիրքերու եւ մեղքերու մէջ մոլորած տեսաւ։
«Երկա՜ր, շա՜տ երկար տեւեց ողորմելի վիճակս եւ ա՛յնքան ժամանակ, ո՜վ Աստուած իմ, որ Քեզմէ հեռու էի, մօրս վիշտն ալ վերջ չէր գտներ։ Կենսունակ եւ առոյգ էի, սակայն մօրս համար, կարծես մեռած ըլլայի ա՛յնպէս, իբրեւ թէ իմ անկենդան մարմինս անոր աչքերուն առջեւ ըլլար միշտ։ Քեզի, ո՜վ Տէր, ծանօթ են՝ անոր սրտին խոր հառաչանքները։ Օր մը չանցաւ, որ ան բարեպաշտ մղումով՝ Քու վեհ տաճարդ չմտնէր՝ օրը երկու անգամ։ Եւ երբ, Անմեղ Զոհը, Սուրբ Պատարագը կը նուիրագործուէր, որ աշխարհի կեանք կու տայ, մայրս ալ իր աղօթքները եւ հառաչանքները Քեզի կ՚ընծայէր իմ հոգւոյս փրկութեանը համար։
«Դարձեալ, երբ մայրս եկեղեցիին մէջ ջերմեռանդն հոգիով եւ ուշադիր, հովուական քարոզը մտիկ կ՚ընէր, որ, Աստուած ներկայ՝ Աստուծոյ խօսքը, իբր կեանքի հաց, ժողովուրդին կը բաժնէր, կամ երբ, ինքնամփոփ լռութեամբ՝ յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ կը մտածէր, ես ալ, միշտ, մօրս աչքին առջեւ էի, որ ողորմութիւն, ներում եւ օգնութիւն կը հայցէր իմ հոգւոյս համար։
«Ամէն արեւածագին, կամ երբ գիշերային խաւարը իր սեւ վերարկուն երկրի վրայ տարածէր, մայրս լուռ, սենեակի մէջ ծնրադիր, Քու առջեւդ կ՚աղօթէր։ Աղօթքի պահերուն, հեծեծանքներու եւ արցունքներու մէջ, իմ անունս կու տար՝ հայցելով Քու ողորմութիւնդ՝ իմ անօրէնութիւններուս համար։ Ինչպիսի՜ թախանձանքներով՝ սուրբ եւ խոհեմ հոգեւարականներու կը պաղատէր, որպէսզի անոնք ազատել փորձէին զիս…։
«Այսպիսի մայր մը ապերախտօրէն մոռնալ, կարելի՞ էր արդեօք, երբե՛ք։ Ո՜վ անգին մայր, երբեք պիտի չմոռնամ քու վշտալի սէրդ, երկիւղալի հոգերդ, դառն անձկութիւնները սրտիդ, որոնք դուն ինծի համար կրեցիր՝ մշտատեւ գալարումներով, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդել կարենաս զիս։ Միշտ պիտի յիշեմ այն սեւ օրը, երբ ես, իմ անմարդկային վարմունքովս, քեզ, սիրելի մայր, Ափրիկէի ափին միայնակ լքեցի։ Հէգ մայրս, այն ցաւատանջ վայրկեաններուն, ինչե՜ր չփորձեց եւ ինչե՜ր չըրաւ, որ ես՝ յօժարէի միայն, եւ թոյլ տայի որ ինքն ալ ընկերանար ինծի դէպի Իտալիա…
«Սիրոյ թեւեր առած, մինչեւ ծով ընկերացաւ ինծի մայրս եւ երբ տեսաւ որ իր բոլոր յոյսերը փոշիացան՝ իմ մէջս փոփոխութիւն տեսնելու եւ ուղղութեան գալու, հեկեկալով եւ անմխիթար, թափանձագին եւ արտասուալից աչքերով՝ երդուընցուց զիս, հաւանելու որ ինքն ալ ինծի հետ միասին ճամբորդէ։
«Իրիկուն էր, անոր բարեպաշտութիւնը շահագործելով, այնպէս ձեւացուցի թէ իր խնդրանքին համամիտ եմ։ Խոստացայ, որ արշալոյսին, միատեղ պիտի ճամբորդէինք։ Մայրս փափաքեցաւ, գիշերը ջերմեռանդ աղօթքներով, Սուրբ Կիպրիանոսի նուիրուած՝ խորանին առջեւ անցընել։ Հաւատաց իմ խոստումիս, եւ ես այդ միջոցին, գաղտագողի, նաւակիս առագաստները պարզեցի, ճամբայ ելայ եւ հեռացայ։
«Անտարակոյս, ո՜րքան ընկճուեցաւ մայրս հոգեպէս, երբ ծագող արշալոյսին, նաւահանգիստ գալով նաւակս հոն չգտաւ։ Յաւիտենական Աստուած, Դո՛ւն միայն գիտես, Դո՛ւն, որ անոր աղեկտուր հառաչանքները լսեցիր, որոնք ծովափին քով արձագանգեցին։ Կարծես դեռ կը տեսնեմ զինք. գլուխը խոնարհած եւ բոլորովին մտամոլոր, տխուր խորհուրդներու անձնատուր, դողդողաքայլ, կրկին Ափրիկէի Տագաստ քաղաքը կը վերադառնար, հոգեխռով դառն գիշերներ եւ սեւ օրեր անցընելով, միշտ նորանոր ուխտեր ընծայաբերելով Քեզի, իր դժբախտ որդւոյն փրկութեանը համար։
«Դեռ աչքիս առջեւն է, ի՛նչպէս մայրս առնական քաջութեամբ, իր հայրենիքը թողուց եւ տաժանելի ճամբաներով մինչեւ Իտալիոյ սահմանները եկաւ զիս փնտռելու։ Կարելի՞ է երեւակայել, այս անգամ, անոր ուրախութիւնը, երբ սուրբ եւ համբաւաւոր Ամբրոսիոս հովուապետին եպիսկոպոսանիստ քաղաքը, Միլանօ հասնելով, Մանիքէական աղանդին կատաղի տենդէն բժշկուած գտաւ զիս։ Սակայն դեռ քրիստոնեայ չէի։
«Եւ ինչպիսի՜ երջանիկ օր մը եղաւ մօրս համար, երբ զիս եւ ինծի հետ իմ Աստուածատուր կոչուող զաւակս՝ վերադարձած տեսաւ Քեզի, ո՛վ Դուն Աստուած իմ, Ակնաղբիւրը կեանքի, վերստին ծնած գտաւ զիս մկրտութեան սուրբ աւազանով քրիստոնեայ եղած։ Թանկագին մայր.- Լա՛ւ է, որ դուն յետագային այս բոլորը ըսիր ինծի, մինչեւ հիմա, ես դեռ մեր այդ մտերմիկ խօսակցութեան մասին կը խորհիմ…
«Սրտիս մէջ անջնջելի պիտի պահեմ միշտ մօրս վերջին խօսքերը, որոնցմով մեր խօսակցութիւնը վերջացաւ։
«Երկնային վեհ կերպարանքովդ այսպէս ըսիր դուն.- Որդեակ իմ, ինծի համար ոչ մէկ հրապոյր ունի այս կեանքը այլեւս, որովհետեւ յոյսերս իրականացան, եւ չեմ գիտեր թէ ինչո՛ւ դեռ հոս եմ, եւ ի՛նչ կայ ընելիք այստեղ։ Գերեզման իջնելէս առաջ, կ՚ուզէի քեզ քրիստոնեայ տեսնել։ Աստուած՝ իմ փափաքէս աւելին պարգեւեցիր ինծի։ Քեզ ոչ միայն քրիստոնեայ կը տեսնեմ, այլեւս այնպիսի մէկը, որ բոլորովին արհամարհելով երկրաւոր բարիքները՝ քրիստոնէական առաքինութեան բարձրագոյն կատարելութեան հետամուտ ես։ Արդ, ուրիշ բան չի մնար ինծի, բայց միայն խաղաղ ու հանգիստ փակել աչքերս…
«Ո՜հ, սիրտս կը տրոփէ, կուրծքս կը ճնշէ…։ Լա՛ց, լա՛ց Օգոստինոս, լալու շատ պատճառներ ունիս։ Մայր մը կորսնցուցիր, որ հազուագիւտ էր եւ այնպիսի ժամանակ, երբ դեռ նոր սկսած էիր զինք ճանչնալ…։ Թանկագին մայր, ներէ՛ ինծի, մահը մեզ բաժնեց, սակայն մահը՝ վերստին պիտի միացնէ զիս քեզի հետ։
«Դո՛ւն, իմ մօրս մաքո՜ւր հոգին, այժմ յաւիտենական ու անսահման հորիզոններու մէջ կը բնակիս, իսկ ես, որբացած ու անմխիթար, դեռ այս ողորմելի աքսորավայրին մէջ եմ։ Անգին մայր, թէպէտ հեռու ես ինձմէ, սակայն միշտ իմ մօտս ես։ Կը տեսնեմ քեզ, կը մտածեմ քու վրադ եւ ներքուստ կը լսեմ քու քաղցր ձայնդ եւ ամենէն աւելի, այն վերջին խօսքերը, որ դուն մրմնջեցիր ինծի… միշտ կը յիշեմ, սակայն, ինչո՛ւ արդեօք, անխոհեմ գործ չէ՞ ըրածս, երբ վերյիշելով խօսքերդ, ցաւս աւելի կը գրգռուի, ցաւ մը, որ ես մեղմել կ՚ուզէի…։
«Ո՜վ Տէր եւ Հայր երկնքի, Քեզմէ կու գայ ամէն ճշմարտութիւն եւ մխիթարութիւն, Դո՛ւն ես իմ Սէրս, Դուն իմ մօրս սէրը ըսէ ինծի, ի՞նչպէս պիտի կարենամ մօրս բարիքները հատուցանել, միայն անիմաստ ողբերո՞վս…, Դո՛ւն Տէր, կրնաս օգնել մօրս, Դո՛ւն միայն, որուն ձեռքերուն մէջ են թէ՛ ապրողներու, թէ՛ մեռնողներու հոգիները։ Հանգիստ տուր անոր հոգւոյն, խաղաղութիւն պարգեւէ քու աղախինիդ՝ իմ մօրս։ Քու սիրելի Որդւոյդ ամենասուրբ Արիւնովը՝ ողորմութիւն կը հայցեմ անոր համար։ Դո՛ւն գիտես, ո՜վ Տէր, որ անոր յոյսը՝ ամբողջովին Քու վրադ հաստատուած էր։
«Դուն գիտես, որ մահէն քանի մը օր առաջ, պաղատագին յանձնարարեց որ Պատարագի Սուրբ Զոհին ժամանակ միշտ զինք յիշատակեմ։ Գիտեմ որ ան, այս աշխարհիս վրայ, Քու անգին Սէրդ, միշտ, իր սրտին մէջ կը կրէր։ Սակայն, երբ Ադամի զաւակը, մարմնով զգեստաւորուած, Ադամէն ժառանգած սկզբնական մեղքով աշխարհ եկած էր…
«Առանց յիշատակելու քու աղախինիդ, իմ մօրս, բարի գործերը, որոնց համար շնորհակալ եմ Քեզի, քանի որ անոնք Քու ընծաներդ են։ Այսօր, սակայն, անոր յանցանքներուն համար ներում կը հայցեմ, եթէ երբեմն Քեզ վիրաւորած է, ո՜հ Տէր, թողութիւն տուր եւ ներէ անոր, որ երկրէս դէպի վեր՝ Քեզի կանչեցիր, որովհետեւ ինքն ալ սրտանց կը ներէր զինք վիրաւորողներուն։ Եթէ սակայն դեռ պարտական է Քեզի, Քու քաղցրութեամբդ, Քու խոստումիդ համաձայն, ներում շնորհէ անոր։ Ընդունէ՛ անգին փրկագինը Քրիստոսի Խաչին. աստուածային փրկիչը բոլորին համար իբր Քաւիչ Զոհ՝ իր սուրբ Արիւնը թափեց։ Մայրս հաւատքով արդէն ընդունած էր այդ փրկագինը…
«Այս բարեփոխութիւնը իմ մէջս, ո՜վ բարերար Աստուած, Քու քաղցր նայուածքիդ արդիւնքն է միայն։ Կը ճանչնամ ես այդ պաշտելի ձայնը, որ ինծի կ՚ըսէ.- մայրդ արդէն յաւիտենական երանութեան մէջ է…
«Վե՛ր բարձրացէք, երկրէս վե՛ր, շնորհակալութեան, սիրոյ, զղջումի եւ ցաւի բոլոր իմ զգացումներս, աւելի արժանաւոր բան ձեզի դէպի վեր կը քաշէ։
«Այլեւս, երկրաւոր, տժգունած մայր չկայ, չկան անոր քայքայեալ անդամները, որոնք իմ զգացումներս այս երկրին կապեն։
«Դէպի երկինք բարձրացէք, դէպի երկինք, ուր կայ ամէն բարիք»։
ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԱՒՐԵԼԻՈՍ (354-430)
«ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ», LOS ANGELES, 1993, Հ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱԳԵԱՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։
***
Ահաւասիկ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսին անկեղծ զգացումները իր սրբակեաց մօրը հանդէպ։ Մայր մը՝ որ իր զաւկին վերստին կեանք կու տայ՝ «նոր կեանք» մը, որ զինք կը բարձրացնէ մինչեւ սրբութեան աստիճանին։
Ահաւասիկ, «մայրերու օրուան» յիշատակելի ճշմարիտ մա՛յր մը, մայր մը՝ որ մարմնացումն է մայրութեան վսեմ գաղափարին։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի մայրը «տիպար մայր» մըն է, տիպար մօր մը կերպարն է, բայց պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ բոլոր մայրերը «տիպար» են, քանի որ «մայր ըլլալ» կը նշանակէ Աստուծոյ արարչութեան եւ նախախնամութեան գործակից ըլլալ, Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուծոյ գործակատարները ըլլալ երկրի վրայ։ Չէ՞ որ Աստուած Արարիչ է, եւ մայր մըն ալ՝ ծնող, եւ չէ՞ որ Աստուած Նախախնամ է իր արարածներուն եւ մայր մըն ալ խնամող, հոգ տանող իր որդիներուն… Աստուած ալ կը ստեղծէ եւ երբեք չի՛ լքեր իր արարածը, մայրն ալ կը ծնի որդին եւ երբեք չի՛ թողուր զայն, կը շարուանակէ խնամել զայն մինչեւ վերջը։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, բոլոր մայրեր «տիպա՛ր»ներ են մայրութեան գաղափարին։
Երանի՜ այն մայրերուն՝ որոնք գիտակցութիւնը ունին մայրութեան բարձր գաղափարին եւ իրենց արժանաւորութեան։ Երանի՜ այն մայրերուն՝ որոնք կը զգան իրենց «մայրութիւն»ը, եւ կը վարուին որպէս ճշմարիտ «մա՛յր»։
Արդարեւ, մայրութեան գաղափարը իր ճշմարիտ իմաստը կը գտնէ սիրոյ եւ անձնուիրութեան զգացումներուն մէջ։ Արդէն ճշմարիտ սէրը կ՚ենթադրէ անձնուիրութիւն, զոհողութի՛ւն։
Այս իմաստով, երբեք չեմ մոռնար երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի՝ հոգեւոր ծնողիս մէկ խօսքը, երբ կը խօսէինք մայրութեան գաղափարին վրայ։ «Մեր մայրերը չէին ուտեր, բայց կը կերակրէին իրենց զաւակները, մեր մայրերը չէին քնանար, միշտ արթուն՝ կը հսկէին իրենց զաւակները…»։ Եւ ո՜րքան տպաւորուած էի այդ խօսքերէն՝ որ լաւագոյն կերպով կը պատկերացնէր «մայր» կերպարը, մայրութեան գաղափարը։ Իրապէս, «մայր» ըլլալ կը նշանակէ սիրոյ մարմնացում, զոհողութեան, անձնուիրութեան մարմնացում։
Եւ ահաւասի՛կ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի մայրը, այս իմաստով «տիպա՛ր» մըն է, կամ տիպարներէն մին, որ կը սիրէ զաւակը, ինքզինք զոհելու, զոհուելու աստիճան, միշտ ներող, միշտ պատրաստ տալու, օգնելու, փրկելու իր որդին։ «Մայր»ը իրապէ՛ս գործակից է Աստուծոյ, մայրը «մարդ» մը կը ծնի, կեանք կու տայ եւ այդ «կեանք»ը կը խնամէ միշտ եւ զայն կը հասցնէ ամենաբարձր դիրքերու՝ որքան որ կարելի է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2020, Իսթանպուլ