ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄԸ՝ ՎՆԱՍԱԿԱ՛Ր

Նախապաշարումը մտքին խաւա՛րն է. խաւար մը որ աւելի մութ է քան ֆիզիքական խաւարը։ Ուստի, նախապաշարումը ամենամեծ թշնամին եւ արգելքն է ճշմարտութեան։ Մարդ, որ իր ստեղծագործումէն ի վեր կը փնտռէ ճշմարտութիւնը, զայն գտնելու համար՝ պարտաւո՛ր է իր սրտէն եւ մտքէն դուրս հանէ ամէն տեսակ նախապաշարում։

Նախապաշարումը արգելք է նաեւ հանդուրժողութեան։ Ուրիշը լսել, ուրիշին կարծիքներուն կարեւորութիւն ընծայել, եւ մինչեւ իսկ ընդունիլ զանոնք՝ օտար են նախապաշարուած միտքերու։

Նախապաշարում, իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ անհիմն, սխալ եւ խաբէական բաներու հաւատալ, ուրիշ ամէն իրականութիւն մերժել, ուրանալ եւ այս մոլութեան մէջ անխախտ, անդրդուելի մնալ։ Նախապաշարուած միտքը կը մերժէ ամէն ճշմարտութիւն, որ ներհակ է իր սնոտի եւ սխալ համոզումներուն։ Նախապաշարուած միտքը յարատեւ կը պնդէ իր սխալ համոզումին վրայ։ Ան գերին է դարձած իր «սխալ»ին եւ կաշկանդուած՝ մոլի գաղափարներով։ Եւ այս իմաստով, նախապաշարումը մտային գերութիւն մըն է՝ ուր մարդ կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը եւ ընդհանրապէս կը վարուի անգիտակից կերպով, առանց բանականութեան։

Ինչպէս ամէն մարզի մէջ, հոգեւոր կեանքի մէջ ալ մեծ վտանգ կը սպառնայ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ անոր շուրջիններուն։ Այս իմաստով, նախապաշարումը վտա՛նգ մըն է թէ՛ անհատական կեանքի եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի բարւոքման համար։

Արդարեւ, հոն՝ ուր նախապաշարում կայ, հոն կը բացակայի հանդուրժողութիւնը եւ ամէն առաքինութիւն։ Ատելութիւն, հակառակութիւն, թշնամութիւն կը տիրէ փոխանակ իրերհասկացողութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ։

Նախապաշարումը լուրջ արե՛լք մըն է խաղաղութեան՝ որուն ա՜յնքան պահանջքը կը զգայ մարդկութիւնը։ «Որովհետեւ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԴ 33)։ Նախապաշարումները պէտք չէ խափանեն Աստուծոյ ճշմարտութիւնը։

Ճշմարիտ հաւատքը բոլորովին ներհակ է նախապաշարումներու, քանի որ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, պէտք է հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ՝ հաւատալով։ Հաւատքը բանականութեան մէջ կը գտնէ իր ճշմարիտ իմաստը եւ նպատակը։ Բանականութեամբ հաւատալ՝ ճշմարտապէս «հաւատա՛լ» կը նշանակէ, քանի որ մարդ էակն է, որ կը հաւատայ միայն բոլոր կենդանի արարածներու մէջ եւ մարդն է միակ բանաւոր էակը ամբողջ կենդանի արարածներու մէջ։ Եւ հոն՝ ուր բանականութիւն կայ, հոն երբեք տեղ չունի նախապաշարումը, ինչպէս հոն՝ ուր լոյս կայ խաւարը, մութը կը կորսնցնեն իրենց ժամանակաւոր տիրապետութիւնը։ Եւ հոն՝ ուր լոյս կայ, հոն խաղաղութիւն կայ, որովհետեւ յո՛յս կայ…։

Հոգեւոր կեանքի մէջ մարդ պէտք է թող տայ, որ Աստուած Ինքն Իրեն համար խօսի։

Մա՛րդ իր նախապաշարումներով երբեք չի՛ կրնար Աստուծոյ տեղ խօսիլ եւ աստուածանալ։ Ուրիշ որեւէ վարմունք շփոթութեան կ՚առաջնորդէ մարդը, ինչ որ հաւատքին տկարանալուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Միթէ ցնցող եւ յուսախաբութիւն պատճառող իրադարձութիւններ կրնա՞ն փոխել Ճշմարտութիւնը եւ անոր պատգամները։

Առողջ տրամաբանութիւնը եւ բանականութիւնը կու տան մեզի այն երաշխաւորութիւնը, թէ ճշմարիտ եւ կենդանի Աստուած անշուշտ հետազօտող մարդկութեան ներշնչեալ գրաւոր յայտնութիւն մը տուած է Իր մասին։

Ասիկա իրողութիւն մը ըլլալով՝ պէտք է անգամ մը եւս հաստատել, թէ պէտք է հասկնալ հաւատալու համար եւ հաւատալ՝ հասկնալու համար…։

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը բոլորովին հակառակ  է նախապաշարումի։ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Ինք կը յայտնէ, թէ ի՛նչ է «ճշմարտութիւն»ը՝ որ մարդը ազատ կ՚ընէ, ազատութեան սկզբնաւորութի՛ւնն է։ Աստ-ւած ամէն պարագայի տակ ճշմարիտ է եւ արդա՛ր, եւ Ան Իր արձանագրուած Խօսքովը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ մեզի։

Երկրիս վրայ ունեցած Իր պաշտօնը ծանուցանելու համար՝ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ Եսայիի մարգարէութեան մագաղաթը ուզեց եւ Ան անոր ԿԱ գլխուն 1 եւ 2 համարները կարդաց. (ՂՈՒԿ. Դ 16-21)։ Ան յետոյ ըսաւ. «Մի կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու. չեկայ աւրելու, հապա կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ՚ըսեմ ձեզի.- Մինչեւ երկինք եւ երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը անգամ պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին» (ՄԱՏԹ. Ե 17-18)։ Յիսուս Իրեն չհնազանդող կրօնապաշտներուն եւ աւանդապաշտներուն՝ որոնք նախապաշարուածներ էին, խրատ տուաւ որ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ուսումնասիրեն. «Քննեցէ՛ք գիրքերը, քանի որ դուք կը կարծէք անոնցմով ձեռք բերել յաւիտենական կեանքը. եւ անոնք են որ կը վկայեն ինծի համար…։ Եթէ դուք իսկապէս հաւատայիք Մովսէսի՝ անշուշտ կը հաւատայիք նաեւ ինծի, վասնզի ան ինծի համար իսկ գրեց։ Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք իմ խօսքերուս» (ՅՈՎՀ. Ե 39, 46-47)։

«Քննեցէ՛ք գիրքերը…». ահաւասիկ, զօրաւոր փաստարկութիւն մը՝ հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ իրողութեան։

Արդարեւ, հաւատքը երբեք հրամայականոն դրութիւն մը չէ. պէտք է իւրացնել, բանականութեամբ ընդունիլ եւ «ապրի՛լ» առանց նախապաշարումներու գերին դառնալու։

Ուստի, պէտք չէ՛ աւանդապաշտութեան կարեւորութիւն ընծայել, քանի որ աւանդապաշտութիւնը կը հակասէ աւանդապահութեան, եւ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի նախապաշարում։ Պէտք է կարեւորութիւն ընծայել գրաւոր սրբազան Խօսքին՝ որ Աստուծոյ մաքուր Խօսքը կը յայտարարէ։ Կուրաբար կրօնական աւանդութիւններու եւ դրութիւններու հետեւիլ՝ կը հակառակի Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան։

Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ լսած էք դուք իմ առաջուան ժամանակի վարմունքս Հրէութեան մէջ, ի՛նչպէս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին, ու կը կործանէի զանիկա. եւ իմ հայրենի աւանդութիւններուս խիստ նախանձաւոր ըլլալով՝ իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ». (ԳԱՂԱՏ. Ա 13-14)։

Պօղոս Առաքեալ գիտէր, թէ ի՛նչպէս կրօնական աւանդապաշտութիւնը Մովսէսի եւ ուրիշ մարգարէներու գրածներուն եւ սաղմոսներուն ճշմարտութեամբ, անոնց նկատմամբ ժամանակ մը զինք «կուրացուցած» էին։

Երանելի՜ են անոնք՝ որոնք հասկնալով կը հաւատան եւ հաւատալով կը հասկնան. երանելի՜ են անոնք՝ որոնք գիտակցութիւնը ունին «աւանդապահութեան» եւ «աւանդապաշտութեան» տարբերութեան, եւ անոնք են որ ճշմարի՛տ հաւատացեալներ են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 11, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020