ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆ
Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դասընթացներու միութիւնը գնահատանքի վկայական մը ուղարկեց Շիշլի մարզակումբին։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի մարզակումբը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ պասքեթպոլի դասընթացներ։ Ներկայիս ան արժանացած է «Ապահով պասքեթպոլի դասընթաց» վկայականին, որ ստորագրուած է յիշեալ միութեան նախագահ Պուրաք Կիւնէրի կողմէ։
Շիշլի մարզակումբը քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին մեծ նախանձախնդրութեամբ հետեւած է անհրաժեշտ մաքրութեան եւ առողջապահութեան չափանիշներուն, հնազանդած է համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու վերաբերեալ ընթացակարգերուն։ Պասքեթոլի դասընթացներու միութիւնը ուշադրութեամբ հետեւած է այս ամբողջ գործընթացին եւ այդ դիտարկումներուն հիման վրայ Շիշլի մարզակումբը արժանացած է վերոյիշեալ վկայականին, որ ի զօրու կը մնայ վեց ամսուան ժամկէտով։
Հարկ է նշել, որ Պասքեթպոլի դասընթացներու միութիւնը կը հետապնդէ այդ մարզաձեւը ընդհանրացնելու նպատակը ու կը գործէ Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութեան հետ համակարգուած ձեւով։
Թրքահայ կեանք
- 02/07/2025