Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ՊԷՅՔՈԶԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու Արէտ Չիչէքէքէրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս քաղաքավարական այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021