ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱԼԷԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ո­գե­ւոր շրջան մը կ՚ապ­րի ի­րե­րա­յա­ջորդ ձեռ­նարկ­նե­րով։ Այս­պէս, շա­բա­թա­վեր­ջին, Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­լէի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու եւ դաշ­նա­կի նուագ­նե­րու ձեռ­նարկ մը։ Ըստ էու­թեան, միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­պա­տաս­խան դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մեր­գի ըն­թաց­քին։

Տա­տեան­ցի փոք­րիկ­նե­րէն Ալ­վի­նա Ա­քըն, Ա­րեւ Մի­թի­լեան, Պիան­քա Էօզ­տէ­միր, Տեֆ­նէ Նայ­ման, Լի­տիա Աբ­րա­հա­մօղ­լու, Լո­ռին Սա­քա­լեան, Լու­սի­նա Ներ­սէ­սեան, Մի­շա Թոփ­ճու, Նա­յի­րա Էվ­լիք եւ Վա­նե­սա Է­զի­քօղ­լու պա­լէի ներ­կա­յա­ցում­նե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­նոնց պա­րու­սոյցն էր Կա­րին Մար­տի­կեան։

Դաշ­նա­կի նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կան նոյն­պէս Տա­տեա­նի սա­նե­րէն՝ Ա­ռէն Թաշ, Սե­ւան Հա­պէր, Նո­րա Ի­փէք­ճի, Լա­րա Ճէ­րա­նօղ­լու, Աք­սէլ Ճէ­րա­նօղ­լու, Ար­տա Ե­թէ­րօղ­լու եւ Լի­տիա Աբ­րա­հա­մօղ­լու։ Այս վեր­ջին­ներն ալ մար­զուած էին Սէր­լի Տէ­մի­րի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Մինչ օ­րուան հան­դի­սա­վա­րը՝ Նա­թա­լի Էօզ­քա­յա ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նեց այս փոք­րիկ­նե­րը, Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Աս­լին Ա­րա­մօղ­լու եւ իր ըն­կեր­ներն ալ ջերմ վեր­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­ցին ա­նոնց նկատ­մամբ, բաժ­նե­լով նաեւ ի­րենց ծնող­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին յու­շա­նուէր­ներ ստա­ցան Ես­թէր Պի­րոս, Օն­նօ­ճան Հիւ­լեար եւ Սե­ւան Նի­զա­մեան։ Այս վեր­ջին­նե­րուն յու­շա­նուէր­նե­րը յանձ­նե­ցին Թո­րոս Փեհ­լի­վան եւ Նա­թա­լի Էօզ­քա­յա։

Այս ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը հեր­թա­կան ան­գամ ա­կա­նա­տես ըլ­լայ իր տա­ղան­դա­ւոր փոք­րիկ­նե­րու կա­տա­րում­նե­րուն, մա­նա­ւանդ որ թա­ղի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն վար­չա­յին­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ալ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015