ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒ

Նոր­վե­կիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Օս­լո­յի մէջ կա­յա­ցած Եւ­րո­պա­կան միու­թեան Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ «Europa Nostra» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին շնոր­հուե­ցաւ եօթ գլխա­ւոր մրցա­նակ­նե­րէն մէ­կը։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րուն այս ո­րոշ­ման հա­մար հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած է կի­սա­ւեր ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգն­ման ջան­քե­րուն մէջ հայ հա­մայն­քի եւ տեղ­ւոյն բնակ­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ համա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, որ նկա­տուած է հա­մե­րաշ­խու­թեան լաւ օ­րի­նակ մը։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ներ­կա­յա­ցուած են մշա­կու­թա­յին բազ­մա­թիւ նա­խա­գի­ծեր, ո­րոնց ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած են աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան 600 մաս­նա­գէտ եւ բազ­մա­թիւ կա­մա­ւոր­ներ։ Ա­նոնք մրցա­նակ­նե­րուն հա­մար քննած էին ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նին հա­սած 28 կա­ռոյց­ներ։ Մրցա­նա­կին կ՚ըն­կե­րա­նար 10 հա­զար եւ­րո­յի վար­ձատ­րու­թիւն մը։ Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Էր­կիւն Ա­յըք ան­ձամբ մաս­նա­կից էր մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սու­թեան, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ Օս­լո­յի քա­ղա­քա­պետն ու Նոր­վե­կիոյ բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը։ Օս­լո­յի Քա­ղա­քա­պե­տա­կան պա­լա­տին մէջ կա­յա­ցած հան­դի­սու­թեան ընթաց­քին մրցա­նա­կը ստա­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ճար­տա­րա­պետ Զիւլ­ֆի­քեար Հա­լի­ֆէօղ­լու եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ Փե­լին Ա­յըք։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015