ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ԵՒ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլի մարզակումբի ճատրակի խումբը վերջերս չորրորդ հանդիսացաւ՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Ակումբի աստղերու եւ փոքրերու կազմերը այս արդիւնքով մեծ խանդավառութիւն պարգեւեցին Շիշլիի ընտանիքին։ Անոնք այս յաջողութիւնով իրաւունք շահեցան յառաջիկայ ամիս մասնակցութիւն բերելու Թուրքիոյ առաջնութեան՝ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորման մէջ։

Մարզիչ Սարվէն Չաքմաքի վերահսկողութեան ներքեւ Շիշլիի կազմին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցան՝ Ֆուրքան Թեքքեշին, Էրէնալփ Մուսթաֆա Նատար, Ճիհան Քոչաք, Հիւսէյին Քուզէյ Շէն, Ուլաշ Տուլքատիրօղլու, Էօզկիւր Եալըն, Էմիր Էօզտեմիր, Պերքայ Էքինճի, Տեմիր Տեմիրքըր, Տարօն Սիրականեան, Անտրէ Լուքաս Տեմիրճի, Առէն Քիրփիքեան, Տենիզ Այչա Քայա, Առէն Կէյիմլի եւ Ալի Սատի Եէնէր։

Կը շնորհաւորենք շիշլիցիները եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022