ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Համավարակի հետեւանքով վերջին երկու տարիներուն ընդհատուած աւանդութիւնը այսպէսով վերականգնուեցաւ։ Համայնքային միջնակարգերու մասնակցութեամբ կազմակերպուած աւանդական մրցաշարքը երկու տարի վերջ իրականացաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Խաղերը տեղի ունեցան Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մրցաշարքը ձօնուած էր լուսահոգի մարզիկ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։

Երկօրեայ մրցաշարքի եզրափակիչ փուլը, երէկ, աւարտական խաղը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարաններու խումբերուն միջեւ։ Խաղի արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հասաւ առաւելութեան ու նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։

Աւարտական խաղին յաջորդեց մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որու ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ նախաձեռնարկ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Արփի Մանուկեան։ Հուսկ, դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակներն ու մրցանակները։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022