ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԵՐԻՔԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ԱՆՑԱՒ ՄԱՐՏԻՆ, ՈՒՐ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԻ ՏԷՅՐԻՒԼԶԱՖԱՐԱՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին դէպի Տիարպաքըր կազմակերպուած ուխտագնացութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Սա իսկապէս դէպքի մը վերածուած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ուր գաւառի մեր ժառանգութեան վերաբերեալ զգայնութիւնները միշտ կը մնան արծարծուած։
Ի շարունակութիւն դէպի Տիարպաքըր ուխտագնացութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Տերիք, ուր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։ Այս եկեղեցին գաւառի մէջ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ մնացած միայն հինգ եկեղեցիներու շարքին է, սակայն, սեփականութեան առումով կարգավիճակին վերաբերեալ խնդիրները վերջին տարիներուն միշտ մտահոգութեան առարկայ կը դառնան։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Սա նոյնպէս արտասովոր իրադարձութիւն մըն էր։ Նորին Ամենապատուութիւը Տերիքէն վերջ ուղեւորուեցաւ դէպի Մարտին, ուր այս օրերուն կը հիւրընկալուի Տէյրիւլզաֆարան պատմական նշանաւոր վանքէն ներս։ Սա համաքրիստոնէական կարեւոր կեդրոն մըն է, որ Թուրքիոյ ժառանգութեան կարեւոր բաղկացուցիչներէն մին կը համարուի՝ ըլլալով Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատմական մայրավանքը։ Ուրեմն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս օրերուն քոյր ու դաւանակից Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ կը հիւրընկալուի եւ առիթ կ՚ունենայ շնչելու այս պատմական վանքի կրօնաբոյր մթնոլորտը։ Գումգաբուի աղբիւրները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հինգշաբթի պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։
Երէկ Տերիքի մէջ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ Տիարպաքըրի ուխտագնացութեան մասնակցեցաւ յանուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ է նաեւ Տէյրիւլզաֆարանի կեցութեան օրերուն։
Տերիքի երէկուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Զեքերիա Սապունճուն, որ տէր կը կանգնի այս եկեղեցւոյ։ Քարոզին մէջ ան մանրամասնեց իրաւական հանգամանքները։ Արդարեւ, այս եկեղեցւոյ գտնուած տարածքը անցեալի մէջ ապասեփականացուած է՝ անցնելով անհատի մը, որ աւելի վերջ հաստատուած է արտասահման, ուր ալ կնքած է իր մահկանացուն։ Այժմ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի անոր ժառանգորդներուն։ Սա իսկապէս շատ բարդ իրավիճակ մըն է։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, որ անհրաժեշտ աշխատանքով բոլոր դժուարութիւնները կը յաղթահարուին եւ միջոցներու յատկացումով այս եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը դարձեալ կը վերադարձուի մեր համայնքին։