ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու տօ­նը կը տօ­նէ տա­րուան մէջ եր­կու ան­գամ: Ա­ռա­ջի­նը կը կոչուի «Սրբոց թարգ­ման­չացն մե­րոց Սա­հա­կայ եւ Մես­րո­պա­յ» եւ կը տօ­նուի Հո­գե­գա­լուս­տէն յե­տոյ ե­րե­սու­նե­րե­քե­րորդ օ­րը, ո­ր միշտ կը զու­գա­դի­պի Հինգ­շաբ­թիի, Յու­նիս ամ­սուան 11-16 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ: Այդ օ­րը, ըստ ա­ւան­դու­թեան կը նկա­տուի Սուրբ Սա­հա­կի եւ Սուրբ Մես­րո­պի հան­դիպ­ման օ­րը Ռահ գե­տի ա­փին:

 Ս. թարգ­մա­նիչ­ներ Սա­հա­կի եւ Մես­րո­պի տօ­նը կ՚ու­ղեկ­ցուի ուխ­տագ­նա­ցու­թեամբ դէ­պի Օ­շա­կան, դէ­պի Սուրբ Մես­րո­պի գե­րեզ­մա­նը:

 Իսկ սուրբ թարգ­մա­նիչ­նե­րուն նուի­րուած երկ­րորդ տօ­նը կը կո­չուի «Տօն մեր սուրբ թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րու՝ Սա­հա­կի ու Մես­րո­պի եւ ա­նոնց սուրբ ա­շա­կերտ­նե­րու՝ Ե­ղի­շէի, Մով­սէս Քեր­թո­ղի, Դա­ւիթ Ան­յաղթ փի­լի­սո­փա­յի, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ Ներ­սէ­սի Կլա­յե­ցւոյ»: Թարգ­ման­չաց երկ­րորդ տօ­նը կը զու­գա­դի­պի 3 Հոկ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ 7 Նո­յեմ­բե­րի ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մի­ջեւ:

ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ ԹԱՐԳ­ՄԱ­ՆԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԱ­ՍԻՆ (ԸՍՏ «ՅԱՅՍ­ՄԱ­ՒՈՒՐ­Ք»Ի)

Մեր լու­սա­ւո­րիչ­նե­րը եւ Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­տու պայ­ծառ ջա­հե­րը նկա­տուող Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ Հայ­րա­պե­տը եւ Սքան­չե­լա­գործ Մես­րոպ Վար­դա­պե­տը սահ­մա­նե­ցին Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար բազ­մա­թիւ կա­նոն­ներ եւ օ­րէնք­ներ, ստեղ­ծե­ցին հա­յե­րէն լե­զուի գի­րե­րը, յու­նա­րէ­նէ եւ ա­սո­րե­րէ­նէ թարգ­մա­նե­ցին Սուրբ Գրքի Հին եւ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րը, ա­պա հիմ­նե­ցին դպրոց­ներ եւ կրթե­ցին մեր ողջ Հա­յոց աշ­խար­հը:

Այ­նու­հե­տեւ Սուրբ Սա­հակ Հայ­րա­պե­տի հրա­մա­նով Սուրբ Մես­րոպ Վար­դա­պե­տը մեկ­նե­ցաւ Վրաց աշ­խարհ, ուր ա­նոնց հա­մար եւս ստեղ­ծեց ի­րենց լե­զուին հա­մա­պա­տաս­խան գի­րեր։ Իսկ ատ­կէ ետք, ինչ­պէս կը վկա­յէ Սուր­բե­րու վար­քը եւ օ­րուան տօ­նը պա­րու­նա­կող գիր­քը՝ «Յայս­մա­ւուր­ք­»ը, գնաց Աղ­ուանք եւ ըստ Աստ­ու­ծոյ կող­մէ տրուած շնորհ­նե­րու՝ ա­նոնց հա­մար նոյն­պէս ստեղ­ծեց ի­րենց լե­զուին հա­մա­պա­տաս­խան գի­րեր:

Իսկ երբ Սուրբ Մես­րոպ Վար­դա­պետ այն­տե­ղէն վե­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տան, Սուրբ Սա­հա­կը գտաւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ գիր­քեր թարգ­մա­նե­լու ա­տեն: Մա­նա­ւանդ ա­նոր նշա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը նոյն­պէս ծա­նօթ են մե­զի՝ Սուրբ Յով­սէ­փը եւ Սուրբ Ղե­ւոնդ Ե­րէ­ցը, ո­րոնք մար­տի­րո­սա­ցան Պարս­ից աշ­խար­հին մէջ: Ա­պա՝ Սուրբ Ե­ղի­շէ Վար­դա­պե­տ, Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի եւ վեր­ջի­նիս եղ­բայ­րը՝ Մամբ­րէ Վեր­ծա­նո­ղ, Եզ­նիկ Կող­բա­ցի եւ Ստե­փա­նոս Ա­սո­ղի­կ, Խոս­րո­վ եւ Ղա­զար պատ­մա­գի­րը, ո­րոնց հետ նաեւ շատ ու­րիշ­ներ: Ա­նոնք յու­նա­րէ­նէ եւ ա­սո­րե­րէ­նէ շատ մը գիր­քեր թարգ­մա­նե­ցին:

Յօ­րի­նե­ցին նաեւ շա­րա­կան­ներ եւ կար­գա­ւո­րե­ցին բո­լոր ձայ­նե­րու հա­մար ե­ղա­նակ­ներ, ո­րոնք ի­րար­մէ զա­տո­րո­շե­լով՝ տա­սը ձայ­նե­րով դա­սա­կար­գեց Սուրբ Սա­հակ Հայ­րա­պե­տը՝ սահ­մա­նե­լով տա­սը ե­ղա­նակ ըստ տա­սը ա­րա­րած­նե­րու թի­ւի, ո­րոնք են՝ եր­կինքն ու երկ­նա­յին­նե­րը, եր­կի­րը եւ երկ­րա­յին­նե­րը, ծո­վը եւ ծո­վա­յին­նե­րը, օ­դը եւ օ­դագ­նաց­նե­րը, ա­պա՝ հրեշ­տակ­ներն ու մար­դիկ: Նաեւ ըստ Աստ­ու­ծոյ տաս­նա­բա­նեայ պա­տուի­րան­նե­րու թի­ւին, ո­ր գ­րուե­ցաւ Մով­սէ­սի քա­րէ տախ­տա­կին վրայ, ինչ­պէս նաեւ՝ ըստ Ե­գիպ­տո­սի տա­սը հա­ր-ւած­նե­րու թի­ւին:

Պար­թեւ (Պահ­լա­ւու­նի) եւ Մա­մի­կո­նեան տոհ­մե­րէ սե­րող Սուրբ Սա­հա­կը որ­դին էր Ներ­սէս Մեծ Կա­թո­ղի­կո­սի, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի տոհ­մի վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը: Իր ա­ռա­քի­նի վար­քով՝ ան ա­մէն ին­չով նմա­նե­ցաւ իր հայ­րե­րուն: Սա­հակ Պար­թեւ ա­մուս­նա­ցած էր զա­ւակ ու­նե­նա­լու նպա­տա­կով, ա­ռա­քե­լաշ­նորհ ա­թո­ռի ժա­ռան­գու­թեան հա­մար, սա­կայն ու­նե­ցաւ դուստր եւ այդ դուստրն ալ ա­մուս­նու­թեան տուաւ Հա­մա­զասպ Մա­մի­կո­նեա­նին, եւ այդ ա­մուս­նու­թե­նէն ծնաւ Սուրբ Քաջ Վար­դա­նը:

Այ­նու­հե­տեւ ա­ռանձ­նա­նա­լով կնոջ­մէ՝ ան­ցաւ քա­հա­նա­յու­թեան կար­գը, եւ երբ կա­թո­ղի­կոս դար­ձաւ, նո­րո­գեց հա­յոց ազ­գի բո­լոր կար­գերն ու կրօ­նա­կան օ­րէնք­նե­րը: Ան 387 թուա­կա­նէն սկսեալ յի­սու­ներ­կու տա­րի ե­ղած է հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը: Այդ ժա­մա­նակ ան ե­ռան­դուն ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րած է Խոս­րով Գ. թա­գա­ւո­րին՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար Մեծ Հայ­քի միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Խոս­րո­վի գա­հըն­կէց ըլ­լա­լէն եւ աք­սո­րուե­լէն յե­տոյ Սա­հակ Ա. Պար­թե­ւ նոյն­պէս զրկուած է Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռէն (389թ.) եւ միայն Վռամ­շա­պուհ թա­գա­ւո­րի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ վե­րա­դար­ձած է իր պաշ­տօ­նին։ Հե­տա­գա­յին եւս, պար­սից Վռամ Ե. ար­քա­յի կող­մէ են­թար­կուած է հա­լա­ծանք­նե­րու ու շնոր­հազրկ­ման։

Անգ­նա­հա­տե­լի ե­ղած է Սա­հակ Պար­թե­ւի դե­րը՝ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան կերտ­ման մէջ:

Ըլ­լա­լով կրթուած եւ հմուտ՝ ե­րաժշ­տա­կան, հռե­տո­րա­կան ա­րուեստ­նե­րու, ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ լե­զուա­գի­տու­թեան մէջ։ Սա­հակ Պար­թե­ւ մեծ նպաստ բե­րած է հայ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի զար­գաց­մա­ն, ե­ղած է հա­յոց գի­րե­րու ստեղծ­ման ջա­տա­գո­վը, Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պե­տի հետ դար­ձած է հայ դպրու­թեան ու ե­կե­ղե­ցա­կան մա­տե­նագ­րու­թեան հիմ­նա­դիր:

Ա­նոր հրա­մա­նով եւ Սուրբ Հո­գիի գոր­ծակ­ցու­թեամբ Սուրբ Մես­րոպ Վար­դա­պե­տ ս­տեղ­ծեց հա­յոց լե­զուի գի­րե­րը: Ա­պա Սուրբ Սա­հա­կ, բա­նա­լով դպրոց­ներ ողջ Հա­յոց աշ­խար­հի տա­րած­քին, հա­ւա­քեց ու­շիմ, ինչ­պէս նաեւ ուս­ման մէջ գե­րա­զանց մա­նուկ­նե­րը ու կրթեց զա­նոնք:

 Մես­րոպն ու իր ա­շա­կերտ­նե­րը, եր­թա­լով Յու­նաց աշ­խարհ, Ա­սո­րիք, սեր­տե­ցին ար­տա­քին գիր­քե­րու ողջ հմտու­թիւ­նը եւ թարգ­մա­նե­ցին Աս­տուա­ծա­շուն­չի բո­լոր գիր­քե­րը՝ Հին եւ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րը՝ հա­յե­րէն գի­րե­րով եւ լե­զուով:

Ս. Սա­հա­կ կար­գա­ւո­րեց նաեւ քա­ղաք­նե­րու, գիւ­ղե­րու, վան­քե­րու, քա­հա­նա­նե­րու եւ ժամ­կոչ­նե­րու կա­նոն­ներն ու օ­րէնք­նե­րը: Սահ­մա­նեց նաեւ ա­մուս­նա­կան օ­րէնք­ներ եւ ու­ղիղ ճա­նա­պար­հով յա­ռա­ջաց­նե­լու բո­լոր կար­գե­րը:

Ան մա­հա­ցած է իր ծննդեան օ­րը, Նա­ւա­սար­դի 30-ին (439 թ. 7 Սեպ­տեմ­բե­րին), Բագ­րե­ւան­դի Բլրո­ցաց գիւ­ղին մէջ եւ թաղուած է Տա­րօ­նի Աշ­տի­շատ գիւ­ղը:

Թար­գան­չաց նա­խա­հայ­րե­րէն նկա­տուող Ս. Մես­րո­պ ս­քան­չե­լի այր Ներ­սէս Մեծ Հայ­րա­պե­տի ա­շա­կերտն էր:

Ա­նոր մա­սին գրուած է, որ Սուրբ Հայր եւ Վար­դա­պետ Մես­րո­պ հե­զա­բա­րոյ էր եւ լայ­նա­խոհ, տես­քով՝ հրեշ­տա­կի նմա­նող, եւ միտ­քով՝ երկ­նող, խօս­քով՝ պայ­ծառ, խոր­հուր­դով՝ մա­քուր, գոր­ծով՝ զուսպ, հա­ւատ­քով՝ ուղ­ղա­փառ, յոյ­սով՝ համ­բե­րող, սի­րով՝ ան­կեղծ, ան­ձան­ձիր դաստիարակ։ Ան այս բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով կո­չուած է՝ «Երկ­րորդ Լու­սա­ւո­րիչ»: Սուրբ Մես­րո­պի մէջ ա­մե­նե­ւին տեղ չգտան ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւնն ու մար­դա­հա­ճու­թիւ­նը: Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ան փա­ռա­բա­նուած է իբ­րեւ Հա­յոց գի­րե­րու ստեղ­ծող:

ՈՒԽ­ՏԱԳ­ՆԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ԴԷ­ՊԻ Օ­ՇԱ­ԿԱՆ

Այ­սօր հա­մայն հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը կը միա­նայ դէ­պի Ա­րա­գա­ծոտն կա­տա­րուող ուխ­տագ­նա­ցու­թեան, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ի պա­տիւ սուրբ թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու՝ Սա­հա­կի եւ Մես­րո­պի: Հա­յոց գի­րե­րու յի­շա­տա­կու­մէն ետք հայ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր կեան­քին մէջ Թարգ­ման­չաց տօ­նի յի­շա­տա­կու­մը կը նկա­տուի երկ­րորդ մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւ­ն, ո­րով­հե­տեւ թարգ­մա­նիչ­նե­րու շնոր­հիւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար ճա­նա­պարհ բա­ցուե­ցաւ դէ­պի աշ­խար­հի մնա­յուն հարս­տու­թիւն­նե­րը եւ թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ մին­չեւ այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­ղոր­դա­կից կը դառ­նայ աշ­խար­հի տա­րած­քին ստեղ­ծուող գրա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն, եւ ինքն ալ իր ստեղ­ծա­ծը թարգ­մա­նա­կան ա­րուես­տի մի­ջո­ցաւ հա­սա­նե­լի կը դարձ­նէ աշ­խար­հին:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեամբ յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցուի թարգ­մա­նա­կան ա­րուես­տի եր­կու նա­հա­պետ­նե­րուն՝ Սուրբ Սա­հա­կին եւ Սուրբ Մես­րո­պին: Սուրբ Մես­րո­պի վախ­ճա­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ։ Ուս­տի իշ­խան­նե­րը ի­րա­րու մի­ջեւ կը վի­ճէին. մէ­կը կ՚ու­զէր սուրբ մար­մի­նը տա­նիլ Տա­րօ­նի գա­ւառ, Մես­րո­պի հայ­րե­նի Հա­ցիկ գիւ­ղը, ուր ան ծնած եւ մե­ծցած էր, իսկ ու­րիշ­նե­ր կ­՚ու­զէին իր իսկ ստեղ­ծած վան­քը տա­նիլ Գող­թան գա­ւա­ռի մէջ, այն տե­ղը, ուր ա­նոր ա­նու­նով մին­չեւ այժմ ալ Մաս­րե­վանք կը կո­չուի: Իսկ միւս­ներն ալ կ՚ը­սէին, թէ ան պէտք է թա­ղել նոյն քա­ղա­քի մէջ, հո­յա­կերտ եւ Աս­տուա­ծա­պատ­կեր Սուրբ Գրի­գո­րա­շէն, Էջ­միած­նի հո­վա­նիի ներ­քոյ:

Բայց եւ այն­պէս, հա­զա­րա­պետ Վա­հան Ա­մա­տու­նին եւ Հմա­յեակ Մա­մի­կո­նեա­ն ա­նոր մար­մի­նը տե­ղա­փո­խած են Օ­շա­կան, ուր ալ ե­րեք տա­րի անց՝ 443 թուա­կա­նին, Վա­հան Ա­մա­տու­նին մա­տուռ մը կա­ռու­ցած է։ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­մար Յով­սէփ Ա. Հո­ղոց­մե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սը Կո­րիւ­նին կը յանձ­նա­րա­րէ գրել Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կեան­քի ու գոր­ծի մա­սին։ 1875-1879 թուա­կան­նե­րուն Գէորգ Դ. Կա­թո­ղի­կո­սը հին մա­տու­ռի վայ­րին մէջ պա­զի­լիք տի­պի նոր ե­կե­ղե­ցի կը կա­ռու­ցէ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին տակ ալ կը գտնուի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի դամ­բա­րա­նը: 1884 թուա­կա­նին կա­ռու­ցուած է երկ­յար­կա­նի գլա­նա­ձեւ զան­գա­կա­տու­նը, ո­րուն մուտ­քը խո­րա­նէն է։ Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ այն բա­ցա­ռիկ է ինչ­պէս զան­գա­կա­տան դիր­քով, նոյն­պէս ալ կա­ռու­ցուած­քով։ 1960-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ե­կե­ղե­ցին ներ­սէն զար­դա­րուած է որմ­նան­կար­նե­րով: Այս­տեղ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր վայ­րե­րէ կու գան նաեւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նը ա­ւար­տած ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք սո­րված կ՚ըլ­լան հա­յոց այ­բու­բե­նի տա­ռե­րը եւ ա­ւան­դա­բար կ՚եր­դնուն Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի գե­րեզ­մա­նին: Օ­շա­կա­նը ուխ­տա­վայր է աշ­խար­հի բո­լոր ծայ­րե­րուն բնա­կող հա­յե­րուն հա­մար, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուե­լու ժա­մա­նակ կ՚այ­ցե­լեն Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի գե­րեզ­մա­նը եւ կը յար­գեն հա­յոց գի­րե­րու լու­սա­պայ­ծառ պսա­կը կրած սուր­բին յի­շա­տա­կը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015