ԿԱՐԾՈՂՆԵՐՍ

Հայը իր կեանքի ընթացքին յաճախ կարծեց... եւ այդ կարծածները մնաց կարծիք եւ երբեք ալ իրականութիւն չդարձան:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք շատ մը հայեր, հակառակ Հայաստանի նպաստաւոր պայմաններուն, չուզեցին վերադառնալ հայրենիք, այն կարծիքով որ իրենց մէջ բոյն դրած հայրենասիրութիւնը սահմաններ չի ճանչնար: Անոնք կարծեցին, որ օտարութեան մէջ անոնք երբեւէ չեն օտարանար, իրենց հայրենասիրութիւնն ու դիմագիծը չեն կորսնցներ. կարծեցին՝ սակայն կարծուածին կեանքի կոչուիլը չտեսան:

Հայը կարծեց, որ շնորհիւ իր ազգային արժէքներու կապուածութեան օտար տարրեր չե՛ն կրնար աղաւաղել իրենց հայութիւնը եւ հաւատաց, թէ կրնայ նոր Հայաստան մը ստեղծել հո՛ն՝ ուր որ ալ գտնուի:

Իրապէս ալ նախնական շրջանին կրցան ստեղծել նոր Հայաստան մը, սակայն առեւտրական օրէնքին համաձայն հիմնելն ու ստեղծելը իմաստ չունի՝ եթէ չի գործէր. անոնց հիմնած Նոր Հայաստանը նոր հայեր ծնելու տեղ, կամաց կամաց սկսան աշխարհ բերել կիսա-օտարացած հայեր, որոնց մայրենին չի՛ հնչեր իր հիմնադիրներուն մայրենիին պէս, որոնց մշակոյթը հայկականին կողքին կը սկսի օտար մշակոյթներ ալ ներառել:

Օտար ափերու մէջ հաստատուող հայը հաւատաց, որ լեզուն կարեւորագոյն ազդակն է հայ մնալու եւ ուզեց համոզուիլ, որ այնքան ատեն որ հայերէն կը խօսի՝ չի կրնար երբեւէ կործանիլ: Այդ համոզումէն դար մը ետք՝ այսօր, կը տեսնենք, թէ ինչպէս հայը հայուն հանդէպ օտար կը մնայ, որովհետեւ կարծողներուն սերունդները շատ ալ կարծուածին պէս չեղան:

Հայերը սակայն այս բոլորը սրտանց չկարծեցին, այլ կարծել՝ աւելիին հաւատալ փորձեցին, որպէսզի հետեւին ա՛յն խօսքին որ կեանքի նշանաբանը դարձած էր հայուն. «ո՛ւր հաց՝ հոն կաց»: Բազմահազար առածներուն մէջ հայը կեանքի նշանաբան ընտրեց այս մէկը, ինչին կատարման համար յանձն առաւ կարծելը եւ ստեղծեց «հայը ուր որ է հո՛ն Հայաստան է» սուտը:

Հայը մի՛շտ ալ կարծող եղած է, որովհետեւ անոր բոլոր ապրումները, մինչե՛ւ իսկ հայրենասիրութիւնը եղած է վերացական. հոգիով ատած է թուրքը, սակայն սիրած է անոնց մշակոյթն ու արուեստը. հոգիով հաւատացած է Աստուծոյ՝ սակայն կիրակի մը իսկ եկեղեցի գացած չէ հաղորդուելու, հոգիով սիրտ ու կեանք տուած է ազգին ու հայրենիքին համար, սակայն դժուարին ժամերուն ուզած է խոյս տալ այն ամենէն՝ որ իր հոգիին մէջ ունենալ կը կարծէր:

Նախնական կարծողները մեկնեցան յաւիտենականութիւն, սակայն անոնց տեղը եկան այլ կարծողներ, որոնք հակառակ այս յուսահատ վիճակին կը հաւատան ու կը կարծեն, որ սփիւռքի մէջ դարեր շարունակ հայը կրնայ մնալ հայ. մէկ դար չեղած արդէն իսկ հայը սկսած էր օտարութեան մէջ միաձուլուիլ. պահ մը պատկերացուցէք մի քանի դար ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ վիճակը:

Համեմատած անցեալի այսօր փոխուած են կարծուածները. անցեալին կը կարծուէր, թէ առանց լեզուն պահելու կարելի չէ հայ մնալ, կարելի չէ՛ հայ ապրիլ. կը կարծուէր, թէ լեզուին ճամբով է միայն կարելի է հայ զգալ, սակայն այսօր կարծուածը ուրիշ է. այսօր սփիւռքի հայեր, մանաւանդ Ամերիկա եւ Եւրոպա ապրողներ այն կարծիքը ունին, որ հայ զգալու եւ հայ ապրելու համար հայերէն լեզուն գիտնալը անհրաժեշտութիւն մը չէ. այս մէկը կ՚ընեն՝ որովհետեւ հայը մի՛շտ իր շահերուն եւ իր վիճակին հիման վրայ ստեղծած է կարծիքներ: Հայը կարծած է՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հաւատացած է, այլ կարծած է՝ որովհետեւ ուզած է հաւատալ:

Տակաւին այս ընթացքով հայը շա՜տ բան պիտի կարծէ՝ եւ ինչպէս միշտ յուսախաբ դուրս գայ. պիտի կարծէ որ եկեղեցւոյ լեզուն կարեւոր չէ, այլ հոգին է կարեւոր եւ եկեղեցիներէն կամաց կամաց վերցնէ հայերէնը՝ զԱստուած եւս օտարացնելով. պիտի կարծէ, որ նոր սերունդը հայերէն խօսելու, հայկական մշակոյթին ծանօթ ըլլալու կարիքը չունի ինքզինք հայ զգալու համար. իր  արիւնը բաւարար է իր հայութիւնը փաստելու:

Իսկ այս բոլորէն ետք մեր կարծիքը հետեւեալն է. որոշ ժամանակ ետք՝ երբ ծերունիները յաւիտենականութեան երթան, եկեղեցիները այլեւս հաւատացեալներ պիտի չունենան, որու պատճառով պատարագ եւս ընելը աւելորդ պիտի սկսի թուիլ։ Սփիւռքի հայկական վարժարաններէն դուրս պիտի դրուի եւ կամ որպէս երկրորդական ու «աւելորդ» նիւթ նկատուի մայրենի լեզուն՝ նկատի ունենալով որ օտարութեան մէջ երբ հայը հայուն հետ հայերէն չի խօսիր իրենց ինչի՞ն պէտք է մայրենի լեզուի դասընթացքները: Կուսակցութիւնները, ակումբներն ու կազմակերպութիւնները եւս կամաց կամաց պիտի նօսրանան ու դառնան պատմութեան մէջ յիշատակութիւն ու այս բոլորը արդարացնելու համար ծնունդ պիտի առնեն նո՛ր կարծողներ ու կարծիքներ, որոնք որոշ ժամանակ ետք իրենց տեղը պիտի տան նորերուն... որ մի՛շտ աւելի յուսահատութիւն կը պատճառէ քան նախորդը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -24-

Օր մը պատարագի ընթացքին սարկաւագութեան պաշտօնը կը կատարէ Անդրանիկ սարկաւագը, որ այդ օր սխալմամբ, առանց նկատելու հագած էր գուլպայ մը՝ որուն դէմի մասը ծակ էր:

Կու գայ վերաբերումի պահը եւ Անդրանիկ սարկաւագ իր եկեղեցական հողաթափերը հանելով կը բարձրանայ Ս. Խորան, Ս. Սկիհը կ՚առնէ եւ շրջան մը կ՚ընէ խորանին շուրջ եւ կու գայ խորանին կենդրոնը կը կենայ: Նոյն միջոցին հետաքրքիր կին մը  հեռուէն կը նկատէ Անդրանիկ սարկաւագին գուլպային վիճակը:

Յաջորդ կիրակի հաւատացեալ կինը եկեղեցի կու գայ ձեռքը տոպրակ մը եւ պատարագէն ետք կը մօտենայ սարկաւագին եւ որպէս նուէր կու տայ հինգ զոյգ գուլպայ, կարծելով որ Անդրանիկ սարկաւագը ի վիճակի չէ մի քանի զոյգ գուլպայ գնելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022