ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ճաշկերոյթին առթիւ։ Սա բառին բուն իմաստով ընտանեկան հաւաքոյթ մըն էր, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի համանուն եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ մէկտեղուեցան երգչախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ դպրաց դասու նախագահ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ներկաներու շարքին էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ թաղի զանազան յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Ատենապետ Սարօ Սիրականեանի կողմէ գլխաւորուած տնօրէն խորհուրդը վերահսկած էր բոլոր պատրաստութիւնները։
Ջերմ զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ ընթրիքը։ Բոլորը համակուած էին իրարու հետ ըլլալու ուրախութեամբ։ Ընկերներու անմիջականութիւնը ըմբոշխնելու առընթեր, երգչախումբի անդամները իրենց երգերով ալ խանդավառեցին մթնոլորտը։
Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները այս ճաշկերոյթի ընթացքին ալ գօտեպնդեցին Վարդանանց երգչախումբի անդամները, որոնց յաջողութիւնը միշտ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին համար պարծանքի առիթ կը հանդիսանայ։