ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կը շարունակենք Առակաց 6-րդ գլուխի 16-19 համարներուն բացատրութիւնը:
• Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր. այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք անմեղներու արիւնը կը թափեն, յանուն քաղաքական, անձնական, յարանուանական, կրօնական, կուսակցական սին ու փուճ շահերու: Պահ մը նայինք այսօրուան աշխարհի իրավիճակը, յատկապէս Արեւելքի մէջ, սկսած մեր Հայաստան երկրէն: Ամէն օր հարիւրաւոր անմեղ մարդիկ կը մահանան, կը սպաննուին: Ինչո՞ւ համար: Ամէն մէկ կողմ իր պատճառաբանութիւններն ու արդարացումները ունի: Կողմ երբ կ՚ըսեմ, նկատի ունիմ անոնք, որոնք իրենց շահերուն համար մարդոց կեանքերը զոհասեղանին կը դնեն: Ի՞նչն է պատճառը այս բոլորին. պատասխանը պարզ եւ յստակ է. ԱՌԱՆՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵԱՆՔԸ: Եթէ այդ մարդիկ, որոնք այսօրուան արիւնահոսութիւններուն պատճառն են, ճանչցած ըլլային Ճշմարիտ Աստուածը եւ գէթ մէկ անգամ կարդացած ըլլային Աստուածաշունչը, ապա պիտի նկատէին, որ Աստուած կը զզուի անմեղ արիւն թափող ձեռքերէն:
Արիւն թափող ձեռքեր ունեցողը սատանային հլու հնազանդ զաւակն է, որովհետեւ ան սկիզբէն մարդասպան մըն էր (Յհ 8.44), հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք մարդ կը սպաննեն, սատանայի զաւակներ կը դառնան եւ անոնց մէջ Աստուած չի՛ բնակիր, որովհետեւ Աստուած Կեանք է եւ կենդանութիւն պարգեւող:
Ի վերջոյ, սպանութիւնը, այլ խօսքով արիւն թափելը Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն մէջ արգիլուած է առանձին պատուիրանով մը՝ մի՛ սպաններ (Ելք 20.13):
• Չար խորհուրդ հնարող սիրտ. Տէր Յիսուս Քրիստոս կը պատուիրէ մեզի. «Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48): Մենք որպէս Աստուծոյ ձեռագործը եղող արարածներ, կոչուած ենք կատարեալ ըլլալու մեր Արարիչին նկատմամբ, Ով աշխարհն ու անոր մէջ եղող երեւելի եւ աներեւոյթ բաները ստեղծած ժամանակ քանիցս կրկնեց, ըսելով, թէ բարի են (կարդա՛ Ծննդոց 1-ին գլուխը) Իր ստեղծածները, հետեւաբար, Աստուծոյ մէջ չարութիւն չկայ, չար խորհուրդ չկայ, ընդհակառակը միայն բարութիւն եւ կատարելութիւն: Եւ արդարեւ, Աստուած կը զզուի չար խորհուրդ հնարող սիրտէն, այսինքն՝ այն մարդոցմէ, որոնք չարութիւն կը խորհին իրենց նմաններուն մասին:
Չարութիւն խորհիլը կարելի է մի քանի կերպով հասկնալ.
ա. Ուրիշները դատել. այս մասին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կ՚ըսէ. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար: Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար, թէ աչքիդ մէջ գերան կայ: Կամ, ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ: Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին ծիւղը հանել» (Մտ 7.1-5): Ուրիշները դատելը արդիւնք է մեր սիրտին չար դիտաւորութեան, մինչ երբ մենք մեր կեանքով կը զբաղինք եւ Աստուծոյ դիմելով կ՚աղաղակենք՝ Տէ՜ր, ներէ մեղաւորիս յանցանքները, ապա այդ ատեն ժամանակ չենք ունենար մեր սիրտին մէջ չար խորհուրդներ հնարելու եւ ուրիշները դատելու:
բ. Բամբասել. բամբասելը սիրտի չար խորհուրդներուն պարագլուխներէն մին է, որ մարդս անկումէ անկում կը տանի, զինք օր օրի հեռացնելով Աստուծմէ: Բամբասող մարդը խորքին մէջ հպարտ մարդն է, որովհետեւ բամբասողը կը փորձէ ուրիշներուն հաշւոյն ինքնահաստատուիլ եւ կամ կայանալ, մինչ խոնարհ մարդը ինքզինք բոլորէն աւելի ցած սեպելով ժամանակ իսկ չի գտներ բամբասելու մասին մտածելու, այլ՝ լռութեամբ եւ Աստուածաշունչի կանոնադրութիւններուն հետեւելով իր կեանքը կ՚ապրի Աստուածահաճոյ կերպով:
Երբ մեր նմանները կը բամբասենք, անուղղակի կերպով զԱստուած բամբասած կ՚ըլլանք ըստ Յակոբոս առաքեալի ըսածին. «Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ: Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ: Իսկ եթէ Օրէնքը կը դատես՝ կը նշանակէ թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը: Միակ Օրէնսդիրն ու Դատաւորը, որ իշխանութիւն ունի փրկելու կամ կորուստի մատնելու՝ Աստուած է: Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես» (Յկ 4.11-12):
Բամբասողները Աստուծոյ Արքայութենէն կը զրկուին եւ չեն կրնար ժառանգել զայն: Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով կարգ մը մեղքերու մասին, որոնք կը խանգարեն մարդուն Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգելու, նաեւ կը յիշէ բամբասանքը, այսպէս. «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն: Դուք ձեզ չխաբէք: Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա. Կր 6.9-10):
Իսկ Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ եւ Իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք: Վասնզի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս եւ ցեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս, բայց Իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայ ու Իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ» (Ես 51.7-8). իսկ Պետրոս առաքեալ կը գրէ. «Թող ձեր խղճմտանքը մաքուր ըլլայ, որպէսզի ամօթով մնան անոնք՝ որ ձեր մասին կը չարախօսեն, ձեր քրիստոնէական բարի կենցաղը բամբասելով: Որովհետեւ աւելի լաւ է բարիք գործելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը ատիկա է, քան թէ չարիք գործելով» (Ա. Պտ 3.16-17). եւ՝ «նայեցէք որ պարկեշտ կենցաղ ունենաք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի իրենք, որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործ, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն զԱստուած, Իր Գալստեան Օրը» (Ա. Պտ 2.12): Վերջին երեք մէջբերումներուն համար ընթերցողը կրնայ հարցնել, ի՞նչ առընչութիւն ունին բամբասելու մեղքին հետ, երբ ճիշդ հակառակ իրողութիւնն է, որ կը պարզուի այս համարներուն ընդմէջէն: Արդար եւ իրաւ: Այս համարները մէջբերեցինք, որպէսզի ընթերցողը տեսնէ առաջին հերթին, թէ ի՛նչ կը սպասէ բամբասողին, եւ միւս կողմէ, երբ մարդիկ սկսին բամբասել մեզ, գիտնանք թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք, որպէսզի չշեղինք արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանապարհներէն: Այս մասին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կը գրէ. «Ձեր մասին եղած սուտ բամբասանքներէն մի՛ երկնչիք, որովհետեւ շատերը ձեր բարի ըլլալուն պատճառով զԱստուած կը փառաւորեն»:
գ. Նախանձիլ. մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը նախանձը դասած են եօթը մահացու մեղքերու շարքին: Նախանձը եւս չար սիրտին հնարած խորհուրդներէն է, որ դարձեալ մարդը կը մղէ Աստուծմէ հեռանալու եւ մեղքի կեանքով ապրելու:
Մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ ինքն իր վրայ, որպէսզի յանկարծ եթէ յայտնուի նախանձի մեղքին մէջ, շուտով զղջայ, ինքզինք մաքրէ եւ թոյլ չտայ նախանձին, որպէսզի սովորութեան վերածուի, որովհետեւ եթէ սովորութենական ուժ ստանայ նախանձը մարդու կեանքին մէջ, այլեւս հնարաւոր չ՚ըլլար այդ մարդուն առօրեան բնականոն կերպով ընթանայ, որովհետեւ նախանձը կը խանգարէ մարդուն բնականոն կեանքը, մտածելու կարողութիւնն ու գործելու ընդունակութիւնը:
Այստեղ ընթերցողներուն նախանձի մասին փունջ մը մտածումներ կը ներկայացնենք Աստուածաշունչէն եւ Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն:
Առակաց Գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է» (Առ 14.30):
Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք.
«Գիշերը ահա կ՚անցնի եւ ցերեկը մօտ է: Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու: Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք» (Հռ 13.12-14): Իսկ Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց կը վախնամ որ երբ գամ՝ ձեզ չգտնեմ այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեմ, եւ դուք ալ զիս գտնէք այնպէս՝ ինչպէս պիտի չուզէիք: Այսինքն, կը վախնամ որ դարձեալ ձեր մէջ կռիւ, նախանձ, զայրոյթ, իրարու դէմ գրգռութիւն, չարախօսութիւն, բամբասանք, հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ խռովութիւն ըլլայ» (Բ. Կր 12.20):
Պետրոս առաքեալին առաջին Ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք» (Ա. Պտ 2.1-2):
Մեր Հաւատքի Հայր եւ Երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգորը կը գրէ. «Ո՞վ է մահուան հայրը. նախանձը: Ուրկէ՞ յայտնի. ասկէ, թէ բանսարկուին նախանձին պատճառով մահը այս աշխարհ մտաւ»:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Արծաթասէրը նուազագոյնը կ՚ուրախանայ այն ատեն, երբ ինք կը ստանայ, իսկ նախանձը միայն այն ատեն կ՚ուրախանայ, երբ ուրիշները չեն ստանար՝ ուրիշին անյաջողութիւնը համարելով իր յաջողութիւնը: Իր սեփական դժբախտութիւնները անտեսելով՝ անիկա հալումաշ կ՚ըլլայ ուրիշի բարիքներուն պատճառով, եւ ատոր հետեւանքով իրեն համար երկինքը անհասանելի դարձնելով»: Դարձեալ նոյն Հայրապետը կը գրէ. «Սովորաբար մեզ ո՛չ մէկ բան այնքան չի միացներ ու բաժներ իրարմէ, որքան նախանձն ու անբարեացակամութիւնը՝ դաժան ախտ, որ կատարելապէս աններելի է եւ շատ աւելի ծանր, քան չարիքի արմատը՝ արծաթասիրութիւնը»:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Հպարտութիւնն ու նախանձն էին, որ սատանային աստուածանալու ցանկութեան մղեցին, եւ հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոցմէ երկրպագուիլ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 13
3 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ