ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայրավանքի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ռուբէն Ռուբինեանը, որ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուբինեան Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուաւ բնականոնացման գործընթացէն ներս տարուած աշխատանքին շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար՝ մանաւանդ, որ կը տեղեկանար Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի իրադարձութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ կը խրախուսէ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորումը՝ քանի բարիդրացիական յարաբերութիւնները կրնան դրական ազդեցութիւն գործել երկու երկիրներու քաղաքացիներու կեանքին վրայ, նաեւ կրնան ստեղծել խաղաղութեան միջավայր մը տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար։ Այս բոլորին շնորհիւ կրնան զարգանալ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային փոխյարաբերութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան հետաքրքրուեցաւ թրքահայ ընկերային կեանքով, որու կապակցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց ամփոփ գիծերու մէջ։
Սիրալիր զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Ռուբէն Ռուբինեան իրարու հրաժեշտ տուին՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ։
Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ տարեմուտին հիւրընկալած էր նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչը։