«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԾԱՂԿԱՒՈՐ ՏԵՏՐԱԿԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գծավէպ մը, որ կը կոչուի «Ծաղկաւոր տետրակը»։ Սա արդէն իր նմաններու շարքին 4-րդն է։ Կը նախատեսուի, որ այս մէկը եւս ուշադրութեան արժանանայ՝ նախապէս հրատարակուած միւս գծավէպերուն նման։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս նոր «Ծաղկաւոր տետրակ»ին նախորդած էին՝ «Հայ մեծ-ման», «Վարդօ»ն եւ «Հայկական ուրուականը»։
Ինչպէս նախորդները, այս նոր գծավէպը եւս ընթերցողներուն առիթ կ՚ընձեռէ՝ յայտնաբերելու Անատոլուի խորքերէն աշխարհի չորս ծագերը տարածուած պատմութիւններ։ Հետաքրքրականը այն է, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի պատմութեան այն էջերուն, զորս մարդիկ կը ջանան ծածկել, թաքցնել։ Այստեղ նաեւ առիթ մը կայ ներթափանցելու համար այդ պատմութիւններու զանազան ծալքերուն։ Արդարեւ, անոնք ժամանակակիցներուն վրայ խոր ազդեցութիւն գործած են, անոնց ցաւ պատճառած են եւ վերածուած են ճնշման գործօնի։
«Ծաղկաւոր տետրակը» առաջին անգամ լոյս տեսած է ֆրանսերէնով եւ լայն ընդունելութեան արժանացած է Ֆրանսայի մէջ՝ խորհրդաւոր դէմքերու բացայայտման ճանապարհին։
Ջութակ մը, չամբողջացած համադրութիւն մը եւ Անատոլուէն դէպի Փարիզ արկածախնդրութիւն մը… Աշխարհահռչակ թուրք ջութակահարի մը Ֆրանսայի համերգը առիթ կը դառնայ հետաքրքրական ծանօթութեան մը։ Ջութակահարը հիւանդանոցի մը մէջ կը փութայ հայ ծերունիի մը այցելութեան եւ անոր հետ խոր նախապաշարումներով սկսած զրոյցը կը կապուի անցեալ դարասկիզբին պատահածներուն։ Յաջորդ քայլափոխին այդ զրոյցը կ՚ապահովէ, որ ի յայտ գան ընտանեկան պատմութեան պակաս կամ պղտոր հատուածները։ Թէկուզ այդքան ալ անծանօթներ չեն իրարու՝ որքան կը կարծէին, որ են։
«Ծաղկաւոր տետրակը» կը սեւեռէ մեր ապրած տարածաշրջանի դառն ու ցնցիչ ժամանակահատուածներէն մէկը ու կը վերահաստատէ, որ նոյնիսկ ամենախաւար պայմաններուն տակ յոյսը պէտք է ապրի։ Այս գծավէպը իսկապէս ոգեւորիչ է եւ այնպիսի վարպետութեամբ մը գրի առնուած է, որ պահ մը իսկ չի կորսնցներ իր կշռոյթը եւ ընթերցողը կը կլանէ բառին բուն իմաստով։
«Ծաղկաւոր տետրակը»ն հեղինակած են՝ Լորան Կալանտոն, Վիվիան Միքեզ եւ Ժերոմ Մաֆր։ Ֆրանսերէնէն թարգմանած է Լուիզ Պաքար։
Հարիւր մեծադիր գունաւոր էջերէ բաղկացեալ այս գծավէպը «Արաս»ի կողմէ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրուած է թէ՛ հայերէնով եւ թէ թրքերէնով։