ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր թաղային խորհուրդներու անդամները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։

Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկաները ու շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը։ Մինչ այդ, նորընտիր վարչայիններն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ փութացին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ երկու եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու նորընտիր անդամներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։ 

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023