ԶԵԿՈՅՑ

Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժը ողբերգական իրավիճակ ստեղծած է՝ խլելով հազարաւոր կեանքեր եւ պատճառ դառնալով բազում մարդոց վիրաւորման ու անօթեւան մնալուն։ Ահաւոր երկրաշարժը իր ազդեցութիւնը գործած է նաեւ Հաթայի մեր երեք եկեղեցիներուն վրայ։

Ըստ վերջերս փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որու երկար տարիներէ ի վեր փլած վիճակի մէջ գտնուող տանիքը կը ծրագրուէր վերանորոգել եւ եկեղեցին պաշտամունքի վերաբանալ, վերջին երկրաշարժէն յետոյ, դժբախտաբար, բոլորովին փուլ եկած է։

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառոյցը բարեբախտաբար չէ վնասուած, միայն Ս. Սեղանի սրբանկարին տեղադրուած բաժնին մէջ փոքր վնասներ յառաջացած են, նաեւ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող աղբիւրի քովնտի պատը փուլ եկած է։

Իսքենտէրունի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց ընծայւած քովնտի սեղաններու սրբանկարներու տեղադրուած բաժինները փուլ եկած են։ Աւագ Սեղանի սրբանկարին տեղադրուած բաժինը կրած է փոքր աւերներ, զորս կարելի է վերանորոգել։ Նաեւ եկեղեցւոյ յատակը տեղ-տեղ կքած է, քովնտի հովուատունը լրջօրէն վնասուած է եւ դարձած՝ անգործածելի։

Իսքենտէրունի եւ Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցիներէն ներս արդէն սկսած են մաքրութեան աշխատանքները՝ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի ձեռամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2023