ՅՈՅՆ ՆՈՐԱՕԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն Տ. Փաիսիոս Եպիսկոպոսին այցելութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երիտասարդ եպիսկոպոսը տակաւին նոր օծուած ու ձեռնադրուած է։ Ան յայտնեց, որ Յունաց Պատրիարքարանի դիւանէն ներս մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր գործունէութիւնը կը ծաւալէր եւ այս ընթացքին միշտ կապի մէջ եղած էր Հայոց Պատրիարքարանին հետ։ Ուստի, եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ վերջ ան փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեց երիտասարդ սրբազանը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յղեց կարողութեան մաղթանքներ իր ապագայ ծառայութիւններուն համար։

Հիւր երիտասարդ սրբազանը տեղեկացուց, որ նշանակուած է Պալըքլըի յունաց վանքի տեսուչ։ Ուստի, ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց Ս. Զատկի տօնէն ետք փութալ իր այցելութեան։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023