ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒ ԵՒ ՎԱՏ ԿՈՂՄԵՐԸ
Մեր կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ մոռնալու եւ յիշելու արտասովոր խաղ մըն է պարզապէս, որովհետեւ յիշատակները՝ որոնք մաս կը կազմեն մեր յիշածներուն եւ մոռցածներուն, մեր կեանքի ամբողջական պատկերն ու պատմութիւնը կը ներկայացնեն: Սակայն տակաւին անյստակ է, թէ յիշե՞լն է լաւ թէ մոռնալը, որովհետեւ մեր ուղեղին մէջ գոյութիւն ունի անվերջ պայքար մը՝ մոռնալու եւ յիշելու. կը յիշենք այն բաները՝ որոնք կ՚ուզենք մոռնալ, միւս կողմէ կը մոռնանք այն բաները՝ որոնք կ՚ուզենք յիշել:
Մոռնա՜լ. յաճախ դիտուած է որպէս բարիք, որովհետեւ մարդ արարածը ուզած է մոռնալ իրմէ անբաժան եղող անցեալը, որ լեցուն է վիշտով ու դժուարութիւններով: Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատ այնքան կ՚ուզէր մոռնալ, որ մինչեւ իսկ իր «Վերջալոյս» բանաստեղծութեան մէջ կ՚ուզէր մոռնալ հետեւեալը.- «Մոռնալ.- մինչեւ իսկ մոռնալ թէ ինչ մոռցեր էիր». ո՞վ պիտի չուզէր նման մոռացութիւն մը:
Մոռացութիւնն ու մոռացութեան չկարողութիւնը մեր կեանքի անբաժան մէկ մասնիկն է. սիրոյ համար թափուած արցունքներուն մէջ բաժանումին չափ բաժին ունի նայեւ մոռացութեան չկարողութիւնը, որ յիշատակի ճամբով կու գայ ժամանակ առ ժամանակ յուզելու արդէն իսկ յուզուած սիրտերը: Մարդ արարածը շատ քիչ անգամ յիշատակներու համար «երանի չ՚ըլլար» մը կ՚ըսէ, սակայն մոռնալու փափաքը մի՜շտ կ՚ունենայ իր մէջ եւ չեմ կարծեր որ մեր բանաստեղծներուն մէջ գոյութիւն չունենայ բանաստեղծ մը, որ իր գրական ասպարէզի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ ներբողած չըլլայ մոռացութեան քաղցրութիւնը: Շաւարշ Միսաքեան իր տաղերէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Ի՜նչքան տենչացի ամէն ինչ մոռնալ» եւ այդ տենչանքը մեզմէ շա՜տ շատեր կ՚ապրի, որովհետեւ կեանքը կրնանք կեանք նկատել այն ժամանակ՝ երբ իր մէջ մոռնալու ենթակայ անմոռանալի յիշատակներ գոյութիւն ունի:
Սակայն մարդ արարածը ինչպէս միշտ անլուծելի հանելուկի մը կը նմանի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մոռնալ կ՚ուզէ, նոյնքան եւ աւելի կ՚ուզէ չմոռնալ, որովհետեւ իր կեանքին մէջ թէ՛ մոռացութիւնը եւ թէ՛ յիշողութիւնը իրարու հակառակ ըլլալով հանդերձ, ունի իր ինքնուրոյն տեղը. մարդկութիւնը մոռացութիւնը որպէս դեղ կը տեսնէ, սակայն մոռացութիւնը սկսելու ժամանակ այդ մէկը կը սկսի ընդունիլ որպէս հիւանդութիւն. ի՜նչ տարօրինակ բան։ Ամբողջ կեանք մը պայքարիլ՝ որպէսզի մոռնաս, սակայն երբ սկսիս մոռնալ ամէն ջանք ի գործ դնել՝ որպէսզի չմոռնաս:
Մոռնալը ինչքան ալ դրական բան ըլլայ մարդկային կեանքի համար, նոյնքան աղիտաբեր է ազգային կեանքին մէջ. մերօրեայ մեծագոյն խնդիրն է մեր արժէքներուն, մշակոյթին եւ բազմաթիւ սրբութիւններուն մոռացութիւնը, որովհետեւ նման մոռացութիւն մը ազգը կ՚առաջնորդէ կորուստի: Ինչքա՜ն լաւ, նոյնքան ահաւոր բան է մոռացութիւնը եւ մեր կեանքը ձեւով մը պայքար մըն է նաեւ չմոռցուելու, որովհետեւ աշխարհի մէջ շա՜տ շատ քիչերու բաժին պահուած է յիշուելու՝ նոյնիսկ մարդու մահէն դարեր ետք:
Սակայն հակառակ իր սարսափելի վիճակին, կայ քաղցրութիւնը մոռացութեան, որովհետեւ ինչքան ալ դժուարին, անմարդկային եւ դաժան օրեր ապրինք ժամանակաւոր այս աշխարհին մէջ, բոլորն ալ պիտի տրուին մոռացութեան եւ մեր անուններուն հետ միասին առ յաւէտ մոռցուին: Յաճախ գերեզմանատուն այցելած ժամանակ կ՚ունենամ այն մտածումը, որ այդ հողերուն տակ պառկած են անկենդան հազարաւորներ՝ որոնք մեզմէ շա՜տ աւելի դաժան ու անմարդկային պայմաններու մէջ ապրած են. անոնց մէջ եղած են շա՜տ շատեր, որոնք իրենց կենդանութեան հրաշալի գործունէութիւն ունեցած են, շատեր՝ որոնք տիւ եւ գիշեր լացած ու ողբացած են, սակայն վերջաւորութիւնը մոռացութիւն է:
Այդ մոռացութիւնն է, որ յաճախ ուժ կու տայ ազատ ապրելու, որովհետեւ մենք որպէս մշակոյթ սովոր ենք ապրիլ ուրիշներուն համար՝ ոտնակոխելով անգամ մեր սեփական հանգիստն ու ուրախութիւնը:
Կեանքը փորձով փաստեց, որ ամէն բան ժամանակաւոր է, նոյնիսկ այն բաները՝ որոնք աններելի կը նկատուին. օրինակի համար, ժամանակ մը սփիւռքի մէջ, ցաւ ի սիրտ, տարածուեցաւ քահանայ հօր մը անպատշաճ նկարները... եւ չես գիտեր ի՞նչ ուրախութեամբ մէկը միւսին ղրկեց՝ մինչեւ ամբողջ աշխարհը տեսնէ: Աներեւակայելի բան մըն էր. մարդիկ բամբասեցին, քննադատեցին, զրպարտեցին: Այդ բոլորը տեւեց առաւելագոյնը 4-5 ամիս ու դարձեալ ամէն բան տրուեցաւ մոռացութեան:
Ներկայիս Թուրքիոյ մեծագոյն ցաւը տեղի ունեցած երկրաշարժն է. բոլորը կը ցաւին ու օգնութեան կը փութան, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ ժամանակ մը ետք դարձեալ մոռացութեան պիտի տրուի այդ բոլորը եւ նոր հետաքրքրութիւններ պիտի գան մոռացութեան տան կարեւորներն անգամ:
Ներկայիս երբ անձ մը մահանայ «Աստուած ողորմի» կամ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» տողերով կը փորձենք վշտակից դառնալ սգաւորներուն, սակայն դար մը առաջ հայութեան մէջ այսպէս կը վշտակցէին. «Աստուած մեռելը մոռցնել չտայ». կրնայ ըլլալ մտածէք, թէ ո՞վ իր մեռելը կը մոռնայ: Բացատրենք.- այսօր տան մը մէջ եթէ հայրը մահանայ, տունի բոլոր անդամները կը ցաւին եւ կ՚ապրին վիշտը հօր, որ հեռացաւ աշխարհէն: Տարիներ ետք նոյն տան մէջ երբ մահանայ տան քոյրը, այլեւս հօրը ցաւը մոռցած քրոջ կորուստը կը սգան. այդ իսկ պատճառով նախահայրերը կը մաղթէին, որ մեռելը չմոռցուի, որպէսզի նոր մահեր նոր ցաւեր չյառաջացնեն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -181-
Վերջերս մայրս, քոյրս եւ շրջապատս «քու ծերութիւնդ ահաւոր է» արտայայտութիւնը կ՚ունենան, որովհետեւ կը սկսիմ շա՜տ պարզ ու բնական բաներ մոռնալ. այդ մոռացութեան պատճառով յաճախ մէկ պատմածս երկրորդ, երրորդ անգամ կը սկսիմ պատմել: Հաւանաբար մէկ օրուան մէջ բազմիցս հարցնեմ մօրս, թէ ի՞նչ է ընթրիքը. դեղերուս ժամը վստահաբար եւ ամէ՛ն օր կը մոռնամ:
Կը մոռնամ, սակայն չես գիտեր ինչպէս կը յիշեմ անկարեւոր բաներ:
Մտահոգ եմ ծերութեամբս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ