ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄԸ

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան կենդրոն մը վերջերս հրապարակած էր շատ մը ասպարէզներու տարեկան շահած գումարները եւ կազմած որոշ վիճակագրութիւն մը: Ցանկը հետաքրքրաշարժ էր եւ հաւանաբար հասակ առնող սերունդը անոր հիման վրայ կրնայ որոշել իր ապագայի ասպարէզը՝ ինչ որ շատերու բախտ չի վիճակուիր:

Հրապարակուած վիճակագրութեան համաձայն, յօդուածագիրներն ու լրագրողները տարեկան դրութեամբ կը վաստակին մօտաւորապէս 70 հազար ամերիկեան տոլար. այդ մէկը կրնայ տարուբերիլ 50 հազար տոլարի եւ 300 հազար տոլարի միջեւ: Իսկ մե՞նք. աւելի քան դար մը առաջ հայ լրագրողին եւ յօդուածագիրին համար յստակ էր, որ ինք դատապարտուած է ամբողջ կեանք մը աղքատութեան մէջ ապրելու եւ այդ է պատճառը, որ մեր ազգին մէջ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի անձ՝ որ իր ապրուստը ամբողջութեամբ հոգայ գրելու ճամբով. անոնք գրելու կողքին կը զբաղին ուսուցչութեամբ, խմբագրութեամբ, սրբագրութեամբ եւ շատ անգամ գիր-գրականութեան հետ կապ չունեցող այլ գործերով. գրելու կողքին գրեթէ արուեստի կապուած բոլոր ասպարէզներուն պարագային այս վիճակը գոյութիւն ունի. աւելի յստակ դարձնելու համար յիշենք հետեւեալը.- գրող Վահան Մալէզեան իր օրագիրին մէջ կը յիշէ հետաքրքրական դէպք մը. «Երիտասարդ արուեստագէտ մը ճանչցայ, շատ համակրելի, որ երկրէ երկիր կը վազվզէր, պատէ պատ կը զարնուէր, իր ապերախտ արուեստովը իր ապրուստը ապահովելու համար: Եւ միշտ խեղճ էր եւ պարտքի տակ կը հեծէր: Կրցայ համոզել որ հայ դերասանը, ինչպէս գրագէտը, շա՜տ դժուարաւ կը կարողանայ նիւթական յաջողութիւն ձեռք բերել եւ դատապարտուած է գրեթէ մուրալու, եթէ չփորձէ իր հարցը ճարել ուրիշ գործնական աշխատանքով մը, ըլլայ իսկ քովընտի»:

Մալէզեան երիտասարդը կը համոզէ զբաղիլ նաեւ ուրիշ աշխատանքով եւ իր իսկ վկայութեամբ տարիներ ետք տղան կը գտնէ աւելի զուարթ եւ բարեկեցիկ վիճակի մէջ։ Նման դէպք մը կը կարդանք Մավեանի յուշերուն մէջ, ուր հայ դպրոցի ուսուցիչ մը հրաժարելով ուսուցչութենէ վաճառականութեամբ բարեկեցիկ կեանք մը կ՚ունենայ, մինչ իր գործակից ուսուցիչը՝ տարիներ ետք կը շարունակէ մնալ նոյն կարօտեալ վիճակին մէջ:

Իրականութեան մէջ խնդիրը նիւթականէն շատ աւելին է. գրեթէ բոլոր պետութիւնները իրենց ամենէն կարեւոր խաւը կը նկատեն լրագրողը, յօդուածագիրն ու արուեստագէտը. անոնք կը հաւատան ու լաւապէս գիտե՛ն, որ մշակոյթը պահելու, յառաջիկայ սերունդը դաստիարակելու համար անհրաժեշտ են թէ՛ ուսուցիչները, թէ՛ լրագրող-յօդուածագիրիերը, թէ՛ արուեստագէտներն ու մտաւորականները, սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ, անոնց կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ անբացատրելի անտարբերութիւն մը կը ցուցաբերեն անոնց հանդէպ:

Եթէ լաւապէս սերտենք հայոց պատմութիւնը՝ պիտի տեսնենք, որ դարեր առաջ՝ որոշ երկար ժամանակ ղեկավար-թագաւորը իր բոլոր որոշումները կը կայացնէր առնելով օրհնութիւնը օրուան կաթողիկոսի, որ թագաւորական պատալի անբաժան մէկ մասը կը կազմէր: Ժամանակի ընթացքին եկեղեցին եւ պետութիւնը բաժնուեցան եւ եկեղեցականներուն տեղը եկան մտաւորականները՝ որոնք ազգի մը «խելացի» խաւը կը կազմեն։ Այդ է պատճառը, որ սերտելով անցեալը կը տեսնենք, թէ գրողներ բազմիցս միջամուխ եղած են զանազան քաղաքական հարցերու. շատ անգամ բանտարկուած ու աքսորուած են, որովհետեւ հանրութեան մէջ ունեցած են իրենց ինքնուրոյն դերը: Բարեբախտաբար այս մէկը մինչեւ օրս աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ կը շարունակուի պահուիլ. օրինակ, թրքական լրատուական հարթակներու վրայ կարելի է հանդիպիլ գիտնական-մտաւորականներու, որոնք քաղաքականութեան մասին իրենց վերլուծումն ու արժեւորումը կը կատարեն: Իրականութեան մէջ անոնք քաղաքագէտներ չեն, սակայն որպէս յարգուած ու մտաւորական անձնաւորութիւններ, ազգը կ՚ուզէ լսել նաեւ անոնց կարծիքը եւ այդ նոյնը կ՚ընէին Չարենց, Պարոյր Սեւակ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Մեր ազգը այսօր կը փորձէ իր մտաւորականները հեռացնել քաղաքական աշխարհէն, ինչ որ ձեւով մը արժեզրկել կը նշանակէ անոնց մտաւորական կարողութիւնը։ Այո՛, անոնք քաղաքագէտներ չեն, սակայն ունին կարողութիւնը վերլուծելու, արժեւորելու եւ համեմատելու: Մերօրեայ հայկական քաղաքականութիւնը հեռու է ամէն տեսակի մտաւորականութենէ եւ մենք մտաւորականներուն ներկայութիւնը քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ մտաւորականը այն անձն է, որ կրնայ քննադատել, հարցադրել եւ պարտադրել, որպէսզի քաղաքական գործիչներ ըլլան աւելի զգաստ, գիտակից ու պատասխանատու:

Ու այսպէս, ցաւալի է վիճակը մտաւորականութեան. ամէն մարդ աշխարհի ամենէն կարեւորը կը նկատէ իր զաւակը, սակայն իր զաւակին կրթութեան համար նուիրուած ուսուցիչը կ՚անտեսէ:

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ ո՞ւր է մերօրեայ մտաւորականութիւնը. այնպիսի մթնոլորտ մը կ՚ուզեն ստեղծել, որ այսօր մտաւորականութիւն գոյութիւն չունի, սակայն պէտք է յստակ ըլլայ, որ կա՛յ մտաւորականութիւնը, սակայն ամէ՛ն ձեւով՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս բանտուած է:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -183-

Լիբանանի մէջ եկեղեցականներուն պարտադիր է պարեգօտ հագուիլը. սակայն շատ անգամ կ՚ուզէինք հանել:

Օր մը երէց սրբազաններէն մին եւ այլ երկու եկեղեցականներու հետ առանց պարեգօտի դուրս ելանք շրջելու. մարդաշատ փողոցներէն մէկուն մէջ արտաքնապէս լաւ հագուած երիտասարդ մը մօտեցաւ եւ «Քրիստոսը ծանօ՞թ է ձեզի» ըսաւ. յստակ էր, որ աղանդաւորական շարժումի մը ներկայացուցիչն էր եւ մարդորսորդութեան դուրս եկած էր:

Սրբազանը անհաւատ ըլլալը յայտնեց, որուն վրայ երիտասարդը սկսաւ արտասանել իր անգիր սորված շարադրութիւնը, որով անհաւատներս կը հրաւիրէր իրենց եկեղեցի: Այդ օր անհաւատներս քիչ մը հաւատքի հրաւիրուեցանք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023