ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Էլէնա Քլեմենթը։ Այսպէս, իտալացի դիւանագէտը պաշտօնի կոչուելէ վերջ Պատրիարքարան փութացած էր՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռին եւ անոր գահակալին։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւագ հիւպատոսին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին, համայնքային հաստատութիւններուն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին։

Այս ամբողջին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յատկապէս շեշտեց, որ Պոլսոյ Աթոռը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր սիւներէն մին է եւ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը ջանայ ընդառաջել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց նորանշանակ աւագ հիւպատոսի այցելութեան կապակցութեամբ եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեց յառաջիկայ դիւանագիտական գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023