Ս. ԶԱՏԻԿԸ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԵՒ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի եւ Տիարպաքըրի մեր եկեղեցիներուն մէջ։

Հաթայի երկրաշարժի պատճառաւ վնասուած էր Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Այս պատճառով Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ձեռամբ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Ս. Պատարագին սպասարկեցին Բրկ. Առէն Ուրարակիր Դպիր Քուշ, Միսաք Ուրարակիր Դպիր Հերկել եւ Եուսուֆ Դպ. Թապաշ։

Տաղաւարի առթիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան խրատական մը խօսելով ըսաւ, որ այս դժուարին օրերուն պէտք է կեդրոնանալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան։ «Ան ուժ պիտի տայ հաւատացեալներուն։ Պէտք է միշտ վստահիլ Յիսուսին՝ յոյսով եւ համբերութեամբ եւ պէտք է միշտ ապրինք՝ յիշելով անոր հրաշափառ յարութիւնը, որ յաղթեց Սատանային», ըսաւ տէր հայրը: Յաւարտ Ս. Պատարագի, նոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։

Իսկ Տիարպաքըրի մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի։ Տեղւոյն հայ ժողովուրդի մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին տէր հայրը ընթերցեց Նորին Ամենապատուութեան տօնական պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։

Կատարուեցաւ նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդներ։

Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ Տիարպաքըրի հայ ժողովուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որու տնօրինութեամբ տեղի ունեցած հովուական այս այցելութիւնը հոգեւոր ուրախութիւն պատճառած էր։ Տէր հայրը եւ ընկերակիցները նոյն երեկոյ վերադարձան քաղաքս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023