ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄՆ ՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անձնակազմի անդամներուն յղեց իր օրհնութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները Ս. Զատկի տօնին առթիւ։ Ան գնահատեց բոլորին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը եւ անոնց բարեմաղթութիւններ ըրաւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դահլիճին մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Շնորհաւորելով բոլորին Ս. Յարութեան տօնը՝ ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս կանանց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան եւ անոնց ստանձնած կարեւոր դերին մասին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը եւ լաւագոյն դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը։ Իր խօսքով՝ մայրենիին անհաղորդ մնացած հաւատացեալներ եւս իրաւունք ունին իրենց պատկանած եկեղեցիէն հոգեւոր սնունդ ստանալու եւ որպէսզի սա հնարաւոր ըլլայ սփիւռքի պայմաններուն մէջ՝ եկեղեցին կ՚օգտագործէ նաեւ այլ լեզուներ անոնց հասնելու համար։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց իր համոզումը, թէ համայնքի անդամները իրաւունք չունին փախուստ տալու այս պատասխանատուութենէն։ Ընդունելութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աջահամբոյրի ընթացքին բոլորին նուիրեց զատկական աւանդական հաւկիթներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023