ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը հանդարտ սիրտ ունեցողին եւ նախանձողին միջեւ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Հանդարտ սիրտը մարմինին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (Առ 14.30):
Հանդարտ ու խաղաղ սիրտ եւ միտք ունեցող մարդը, առակագիրին վկայութեամբ իր մարմինին մէջ կեա՛նք ունի, եւ ո՛չ միայն իր մարմինին մէջ, այլեւ՝ իր հոգիին: Մարդուն հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը զինք կը մղեն զԱստուած ա՛լ աւելի դիւրութեամբ ընդունելու իր յարկէն՝ մարմինէն ներս, որ Աստուծոյ տաճարն է, եւ Աստուծմով ապրիլ իր կեանքը: Հանդարտ ու խաղաղ սիրտ եւ միտք ունենալը, մարդուն կ՚օգնեն միշտ զգաստ մնալու, զգոյշ եւ արթուն ըլլալու, խորագէտ ըլլալու, եւ ուղիղ ճանապարհէն ընթանալու: Իսկ նախանձոտ մարդը, ճիշդ հակառակը, ներքնապէս միշտ անհանգիստ կ՚ըլլայ, միշտ պրպտումներու մէջ կ՚ըլլայ, պրպտումներ ո՛չ թէ կեանքը գտնելու կամ ճշմարտութեան հասնելու, այլ՝ ինչպէս ընել որ իր ընկերոջ յաջողութիւնը կամ հարստութիւնը սեփականացնէ՝ ի՛րը դարձնէ: Ի՜նչքան ազդու է առակագիրին նկարագրութիւնը այս ուղղութեամբ, երբ կ՚ըսէ, թէ՝ նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է, որովհետեւ հանգիստ չի՛ ձգեր մարդը, այլ՝ միշտ կը բորբոքէ անոր ներաշխարհը միշտ դէպի ժխտականին ու վատին առաջնորդելով:
Ահաւասիկ փունջ մը մտածումներ նախանձի մասին.
• Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ.
- Ո՞վ է մահուան հայրը. նախանձը։ Ուրկէ՞ յայտնի է. ասկէ, թէ բանսարկուին նախանձին պատճառով մահը այս աշխարհ մտաւ։
Ո՞վ է մեղքին մայրը. ագահութիւնը։ Ինչպէս կ՚ըսեն, թէ բոլոր չարիքներու արմատը արծաթսիրութիւնն է։
Ո՞վ է՝ որ դէպի յաւիտենական կեանք կը տանի. հեզութիւնը, որու մասին Սուրբ Հոգին կ՚ըսէ. որո՞ւ մէջ կը բնակիմ, եթէ ոչ հեզերուն եւ խոնարհներուն եւ անոնց՝ որոնք խօսքերէն կը դողան:
• Սուրբ Եզնիկ Կողբացին կը գրէ.
- Չարիքներուն սկիզբը նախանձն է:
• Հայր Սուրբ Պիմէն կը գրէ.
- Նախանձը ծիծաղելի բան է, քիչ մը խելք պէտք է, որպէսզի մարդ կարենայ յաղթահարել նախանձը։ Ուշադի՛ր եղիր, երբեք թոյլ մի՛ տար, որ նախանձի կիրքը իշխէ վրադ, որովհետեւ ամենէն մեծ ու ամենէն վտանգաւոր կիրքերէն մէկն է։ Կարելի չէ, որ մարդ միաժամանակ ե՛ւ սէր, ե՛ւ նախանձ ունենայ. նոյնիսկ եթէ քիչ մը սէր ունենայ, իր սէրը մաքուր չ՚ըլլար, որովհետեւ իր սիրոյ մէջ՝ իր անձն է։ Նախանձը սէրն ու բարութիւնը կ՚աղտոտէ, ամբողջութեամբ կուլ կու տայ քու հոգեկան եւ մարմնական ուժերը, որոնք կրնայիր Աստուծոյ զոհաբերել։ Եթէ նախանձդ հեռացնես քեզմէ, աղօթքդ ուժ կ՚ունենայ եւ Աստուծոյ լսելի կը դառնայ:
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
- Սովորաբար մեզ ոչ մէկ բան այնքան չի միացներ ու բաժներ իրարմէ, որքան նախանձն ու անբարեացակամութիւը՝ դաժան ախտ, որ կատարելապէս աններելի է եւ շատ աւելի ծանր, քան չարիքի արմատը՝ արծաթասիրութիւնը։
- Ինչքան շատ կը նախանձիս, այնքան շատ բարիքներ կը գործես անոր համար՝ որուն կը նախանձիս։
- Դեւը կը նախանձի, սակայն՝ մարդոց եւ ո՛չ թէ դեւերուն. իսկ դուն, մարդ ըլլալով, մարդոց կը նախանձիս։ Եւ ի՞նչ ներում կըր-նաս ունենալ դուն։
- Ծանր, շատ ծանր մեղք է նախանձը. այն սեփական փրկութիւնը կը քամահրէ։
- Արծաթասէրը նուազագոյնը կ՚ուրախանայ այն ատեն, երբ ինք կը ստանայ, իսկ նախանձը միայն այն ատեն կ՚ուրախանայ, երբ ուրիշները չեն ստանար՝ ուրիշին անյաջողութիւնը համարելով իր յաջողութիւնը։ Իր սեփական դժբախտութիւնները անտեսելով՝ անիկա հալումաշ կ՚ըլլայ ուրիշի բարիքներուն պատճառով, եւ ատոր հետեւանքով իրեն համար երկինքը անհասանելի դարձնելով:
• Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
- Նախանձոտներն ու չարասիրտները՝ կը ծածկեն ուրիշներուն գովաբանութիւնը եւ անոնց կը չարախօսեն:
- Հպարտութիւնն ու նախանձն էին, որ սատանային աստուածանալու ցանկութեան մղեցին, եւ հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոցմէ երկրպագուիլ:
• Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարք կը գրէ.
- Նախանձոտը ուրիշներուն բարիքը տեսնելով, նախանձի կիրքով բորբոքած՝ կ՚այրի հնոցի նման, եւ չար կարծիքներով դատաստան կ՚ընէ, թէ անարժան են անոնք, որոնք այս բարիքները կը վայելեն:
Ղպտի Եկեղեցւոյ Երջանկայիշատակ Հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ. Հայրապետը, այսպէս կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հետեւեալ հարցումին.
Հ. Քրիստոնէութիւնը կը հաւատա՞յ նախանձի գոյութեան:
Պ. Նախանձը -որպէս զգացում- գոյութիւն ունի: Մենք գիտենք, որ Կայէնը նախանձեցաւ իր Աբէլ եղբօր: Յովսէփ Գեղեցիկին ալ իր եղբայրները նախանձեցան: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն ալ հրեայ քահանաները յանձնեցին՝ իրենց նախանձին պատճառով:
Հետեւաբար, նախանձը գոյութիւն ունի, սակայն (աչքով դպնալու) գոյութեան չենք հաւատար:
Ոմանք կան, որոնք կը հաւատան, թէ նախանձոտ մարդիկ կան, եթէ աչքով դպնան անոր՝ որուն կը նախանձին, որոշ վնաս մը կը հասնի անոր: Այդ պատճառով, այդպիսիները նախանձէն կը վախնան, ինչպէս նաեւ նախանձոտներէն ու անոնց չարութենէն: Երբեմն ալ կը պահեն այն բարիքները՝ զորս Աստուած կը պարգեւէ անոնց՝ նախանձէն վախնալով: Այդպիսիները այնպիսի հեքիաթներ կը պատմեն այդ տեսակ նախանձին, որ երբեմն առասպելի կը նմանի: Այս տեսակի նախանձին՝ չենք հաւատար, ու զայն վախցնել կամ նախապաշարում կը համարենք:
Նախանձը նախանձուող անձին չի՛ վնասեր, այլ՝ նոյնինքն նախանձողին կը յոգնեցնէ.
Նախանձուողին չի՛ վնասեր, այլապէս բոլոր յաջողակներն ու առաջնեկները նախանձի ու կորսուելու ենթակայ կ՚ըլլային, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք լաւ դիրքերու կը տիրանային, կամ պետութեան շնորհած գնահատական նուէրներ ստացողներ նախանձի ու չարիքի հանդիպելու ենթակայ կ՚ըլլային:
Հակառակը կը տեսնենք, սակայն, այն է, որ նախանձողը թախիծի մէջ ու յոգնութեան մէջ կ՚ապրի՝ իր նախանձելուն ու ներքին չարութեան պատճառով. եւ ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը.
Համբերէ՛ նախանձողի որոգայթներուն
համբերութիւնդ զինք սպաննողն է,
Կրակը ինքզինք կ՚ուտէ՝
եթէ ուտելու բան չգտնէ:
Արդարեւ ինչո՞ւ համար կ՚աղօթենք նախանձը հանելու համար, եթէ չի՛ վնասեր:
Մենք չենք աղօթեր այսպէս ըսած (աչք դպնալէն) վախնալով, այլ՝ կ՚աղօթենք, որպէսզի Աստուած արգիլէ փորձանքներն ու որոգայթները, եւ դաւադրութիւնները՝ զորս նախանձողները կրնան ընել իրենց չար սիրտերուն պատճառով:
Յովսէփին եղբայրները երբ իրենց եղբօր նախանձեցան, զայն ջրհորին մէջ նետեցին, ապա որպէս ստրուկ ծախեցին զինք, ու գրեթէ պիտի սպաննէին զինք: Կայէնն ալ իր Աբէլ եղբայրը սպաննեց՝ նախանձելով անոր: Հրեայ ժողովուրդին պարագլուխները երբ նախանձեցան Յիսուսին՝ դաւադրութիւն ըրին Անոր դէմ ու զԻնք խաչելու տուին:
Նախանձը նաեւ Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ տեղ գտած է:
• Պետրոս Շանշեանց այսպէս կը գրէ նախանձի մասին.
- Չար ցանկութեան հետ երկու կիրք կապուած է՝ ոխ եւ նախանձ, որոնք կը նեղեն մարդուն, երբ կը տեսնէ ուրիշներուն արտօնութիւնը, որմէ ինք զրկուած է: Ան կ՚ուրախանայ ուրիշներուն հանդիպած վնասին վրայ, եւ այս կիրքն է, որով սէրը ի սպառ բնաջինջ կ՚ըլլայ: Այս կիրքն է, որ մեզ ամէն տեսակի չարագործութեան կ՚ընտելացնէ: Այս կիրքով Կայէնը իր արդար եւ հարազատ եղբայրը՝ Աբէլը կը սպաննէ: Այս կիրքով Յակոբին որդիները իրենց անմեղ եղբայրը՝ Յովսէփը կը վաճառեն եւ Սաւուղը Դաւիթին դէմ կը զինուի: Այս կիրքն է, որ անմեղ Դանիէլը առիւծներուն գուբը կը ձգէ եւ մեր Փրկիչը խաչ կը հանէ, եւ այլն: Եթէ նախանձոտը ամէն ժամանակ այս տեսակ չարիք չի գործեր, պատճառը այն է, որ կա՛մ կարողութիւն չունի եւ կամ համարձակութիւն: Սակայն, նախանձը միշտ կը մաշէ նախանձոտին սիրտը եւ կը կրծէ անոր հոգեկան կենդանութիւնը: Նախանձոտը նոյնիսկ մեր Պարգեւատու Արարիչին դէմ կ՚ապստամբի: Ան նախանձոտին սիրտը նեղութեամբ եւ դառնութեամբ կը լեցնէ: Ան՝ Սողոմոնի ըսածին նման՝ ոսկորներուն փտութիւն է (Առ 14.30): Նախանձը ամէն կերպով ամօթալի է, որովհետեւ իր առջեւ ո՛չ լաւութիւն ունի, ո՛չ ալ ինքն իր նկատմամբ ձգտողութիւն: Ան միայն չարութիւն կը խնդրէ եւ չարութիւն կը գտնէ ու բոլորովին սատանայական է, եւ այս սատանայական նախանձով էր, որ մահը աշխարհ մտաւ: Ի վերջոյ, նախանձը այնպիսի մեծ յանցանք է, որ խիստ մեծ դժուարութեամբ կ՚ուղղուի: Որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ նախանձը լոկ թուլութիւն կը համարեն, որպէս թէ հետեւանք չունի, կա՛մ չեն խոստովանիր իբրեւ պակասութիւն եւ կա՛մ չեն կարողանար սանձել. «Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (Գղ 5.26): Նախանձոտը կը նեղուի եւ կը տագնապի նաեւ այն ատեն, երբ կը տեսնէ, որ ուրիշները եւս ունին եւ կը վայելեն իր ունեցած արտօնութիւնը: Այսպէս, եբրայեցիները կը նախանձէին, երբ կը տեսնէին, որ Աստուած յայտնուած է հեթանոսներուն եւ Աւետարանը անոնց մէջ եւս կը քարոզուի: Նախանձը հակառակ է սիրոյ եւ հակառակ է արդարութեան. սակայն, մարդասէրը միշտ Մովսէս մարգարէի օրինակին կը հետեւի, որ կը փափաքէր, որպէսզի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները մարգարէ ըլլային. «Երանի՜ թէ Տիրոջ բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային» (Թւ 11.29): Նախանձին աղբիւրը հպարտութիւնն ու չափազանց անձնասիրութիւնն է, որ կը թուլցնէ եւ երբեմն ալ ի սպառ կը խեղդէ բնական զգացողութիւնները եւ դէպի մեծամեծ յանցանքներ կ՚առաջնորդէ: Ո՞վ կրնայ նախանձին դիմադրել, կ՚ըսէ Սողոմոն իմաստունը. «Նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (Առ 27.4):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 38
Վաղարշապատ