ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները վերջին օրերուն յարգանքի այցելութիւն մը տուին հոգելոյս Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Այս առթիւ անոնք լուսահոգի Նազար Հանչէրի այրիին՝ Էլմոն Հանչէրին յանձնեցին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ առնուած որոշման հիման վրայ պատրաստուած «Մարմնամարզի դեսպան» կոչման վկայականը։ Էլմոն Հանչէր եւ իր հարազատները մարզակումբի վարչայինները հիւրընկալեցին յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Զրոյցի ընթացքին հերթական անգամ վերահաստատուեցաւ, թէ Նազար Հանչէր իսկապէս անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէն։ Շիշլիցիները ընդգծեցին իրենց երախտագիտութիւնը լուսահոգի Նազար Հանչէրի նկատմամբ՝ քանի ան մարզակումբին ծառայութիւն մատուցած էր՝ որպէս վարչային, մարզիկ եւ մարզիչ՝ մանաւանդ, որ եղած էր նաեւ Շիշլիի թիւ 13 անդամը։ Ալէն Թեքպըչաք, Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն եւ Սարվէն Չաքմաք այցելութեան ընթացքին մատնանշեցին, որ հոգելոյս Նազար Հանչէրի վաստակն ու ներդրումը տարիներու տեւողութեան միշտ կ՚արժեւորուի թրքահայ մարզական կեանքէն ներս։

Զրոյցէն վերջ Էլմոն Հանչէրին յանձնուեցաւ Շիշլիի վարչութեան կողմէ Նազար Հանչէրին յետմահու շնորհուած «Մարմնամարզի դեսպան» կոչման վկայականը։

Հարկ է ընդգծել, որ լուսահոգի Նազար Հանչէր այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի՝ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023