ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Թաղականները տեղեկութիւն տուին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տանիքին համար անհրաժեշտ նորոգութեան մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023