Ս. ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ
«Ինքնախաբէութիւն» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ մարդուն ինքն իրեն համոզելը, ինքն իրեն խաբելը՝ պատրանք, որ մոլորութեան մէջ ըլլալ կ՚ենթադրէ՝ հաւատացած ըլլալով, թէ ճշմարիտ ճամբու վրայ է։ Արդարեւ, ինքնախաբէութիւն է՝ անթերի ըլլալ, ամենազօրաւոր կարծել ինքզինք, քանի որ մարդ «կատարեալ» չէ եւ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ մէկ խօսքով՝ անկատար էակ մըն է։ «Կատարեալ ըլլալ» պէտք է մարդուն նպատակը ըլլայ, որովհետեւ մարդ կոչուած է կատարելութեան, քանի որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։
Այս մտադրութեամբ, ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, տեսնենք, թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ՚ըսէ այս մասին։
Նախ՝ ինքնախաբէութիւնը, ընդհանրապէս չարերուն բնաւորութիւնն է. «Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր. (Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ)». (ՍԱՂՄ. ԽԹ 18)։
Ինքնախաբէութիւնը շատ անգամ յաջողութենէ յառաջ կու գայ. «Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝ - Յաւիտեան պիտի չսասանիմ». (ՍԱՂՄ. Լ 6)։
«Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, անիկա հարստահարելը կը սիրէ». (ՈՎՍ. ԺԲ 8)։
«Ան կը մտածէր ինքնիրեն եւ կ՚ըսէր.- Ի՞նչ ընեմ, վասնզի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ։ Եւ ըսաւ.- Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս եւ բարիքներս։ Եւ իմ անձիս ըսեմ.- Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղիր». (ՂՈՒԿ. ԺԲ 17-19)։ Ահաւասի՛կ, ինքնախաբէութեան յստակ եւ նո՛յնքան ազդեցիկ, տպաւորիչ օրինակ մը՝ որ յաճախ կարելի է հանդիպիլ անխոհեմ մարդոց մէջ…
Ուրեմն, շարունակենք շրջիլ Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ՝ ինքնախաբէութեան մասին խօսքեր փնտռելով։
Անվեղջ մեղաւորներ շատ անգամ ինքզինքնուն կը թողուին՝ ինքնախաբէութիւն ընելու. «Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս ու Իսրայէլ զիս չուզեց։ Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի, որպէսզի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն». (ՍԱՂՄ. ՁԱ 11-12)։
«Եփրեմ կուռքերու յարեր է. զանիկա թող տուր։ Անոնց խնջոյքը ապականած է…». (ՈՎՍ. Դ 17-18)։
Եւ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան». (Բ ԹԵՍ. Բ 10), եւ շարունակելով. «Որպէսզի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրէնութեան յօժարեցան». (Բ ԹԵՍ. Բ 11)։
Մարդ ինքնախաբէութիւն ըրած կ՚ըլլայ՝ կարծելով թէ իր բռնած ճամբաները շիտակ են։
«Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ՚երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 12)։
Մարդ, նաեւ ինքնախաբէութեան կը մատնուի՝ կարծելով թէ հաստատուած չար սովորութիւնները պէտք չէ ձգել, որովհետեւ անոնք իրեն բարի կը թուին։
«Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք եւ մեր հայրերը, մեր թագաւորները եւ մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէքի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք». (ԵՐԵՄ. ԽԴ 17)։
Մարդ ինքնախաբէութիւն կ՚ընէ նաեւ ինքզինք «մաքուր» կարծելով։
«Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն». (ԱՌԱԿ. Լ 12)։
Ոմանք ալ ինքնախաբէութեամբ կը կարծեն, թէ իրենք ուրիշներէն աղէկ են եւ բարի։
«Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ՚երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան։ Ձայներնին վերցուցին ու ըսին.- Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի։ Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ.- Գացէք դուք ձեր քահանաներուն ցուցուցէք։ Երբ կ՚երթային, մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ՚ըլլայ իրեն։ Ինք Սամարացի էր։ Յիսուս ըսաւ.- Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային։ Եւ ըսաւ անոր.- Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 11-19)։
Նաեւ. «Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ՚ընէր.- Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս…». (ՂՈՒԿ. ԺԸ 11)։
Եւ ո՜րքան ցաւալի վիճակ մըն է՝ մէկու մը ինքզինք բաղդատելով ուրիշներու հետ՝ կարծել թէ ինք անոնցմէ աւելի բարձր, աւելի մեծ է. մարդկային ո՛չ միտքը եւ ոչ ալ խիղճը կրնայ ընդունիլ այս անիրաւ եւ անարդար արարքը։ «Ո՞վ աւելի մեծ է». ահաւասիկ անիմաստ եւ անպատասխանելի հարցում մը՝ որ սկսած է հարցուիլ այն հին ժամանակներէն, երբ մարդ ընկերային կեանք ունեցած է։ Այս հարցումը կը ներկայանայ նաեւ Աւետարանին մէջ՝ երբ աշակերտներ կը հարցնեն Յիսուսի, թէ իրենց մէջ ո՞վ է աւելի մեծը…
Արդարեւ, ամէն մարդ իր տեղը ունի այս աշխարհի վրայ, ամէն մարդ իր տարողութեան չափով կարեւո՛ր է ընկերային կեանքին մէջ. մէկ աղիւսով շէնք չի՛ կանգնիր, պատ չի՛ հիւսուիր, անոնց մէջ ամէն մէկ աղիւս իր դերը եւ կարեւորութիւնը ունի՝ անոնք միասին շէնք են, եւ մէկը միւսին համար անհրաժե՛շտ։
Մեծ կամ փոքր՝ ամէն անհատ կարեւո՛ր է մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Արդարեւ, ինքնախաբէութիւնը մարդս կը տանի ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան եւ ի վերջոյ մարդ կը լճանայ, կ՚անջատուի ընկերութեան միութենէն, եւ կը դառնայ ինքնակեդրոն խեղճ մը…
Սիրելի՜ բարեկամներ, այն՝ որ կը կարծէ, թէ կը խաբէ իր շուրջինները, միայն ինքզինք կը խաբէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26 2023, Իսթանպուլ