ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ LGS-Ի ԸՆԴԱՌԱՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։ Աշակերտական խումբերը կը գլխաւորէին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ։ Նախ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որմէ վերջ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տղաքը մէկտեղուեցան սեղաններու շուրջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկայ աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմանն է աշխատանքը եւ անոնց թելադրեց, որ ըլլան ընթերցասէր։ «Քննութեանց յաջողութիւնը կարեւոր է, սակայն կենսական չէ։ Ամէն մարդ պէտք է իր կարելին ընէ, աշխատի, յետոյ թողու Աստուծոյ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Աշակերտներու խումբին բաժնուեցան աղօթքի փոքրիկ քարտեր, որոնց վրայ կային Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները. Հաւատով խոստովանիմ մեծ աղօթքէն՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» եւ «Պահապան ամենայնի»։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024