ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՓՐԿՈՂԻՆ ԿԱՄՔԸ
Տարօրինակ կը գտնեմ, երբ մարդիկ ամէ՛ն բան կը վերագրեն Աստուծոյ եւ բոլոր պատահարները «Աստուծոյ կամք»ը կը կարծեն: Այս մասին խօսակցութիւն մը ունեցայ անձի մը հետ, որ Սուրիոյ մէջ պատահած երկրաշարժէն հազիւ ազատած էր. խօսակցութեան ժամանակ յայտնեց, որ զինք «Աստուած փրկեց» եւ իր ազատումը պարզապէս Աստուծոյ կամքն էր: Մեր խօսակցութիւնը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով.
-Աստուած փրկեց զիս...
-Կը հաւատա՞ս Աստուծոյ արդարութեան:
-Այո՛:
-Իսկ այդ պարագային ինչպէ՞ս եղաւ որ Աստուած քեզ փրկեց, սակայն չուզեց փրկել 20 տարեկան երիտասարդուհին, որ մի քանի շէնք անդին մահացաւ:
Մենք՝ հայ ժողովուրդս, գուցէ միւս ազգերէն աւելի, Աստուծոյ կամքը կը խնդրենք եւ կը փորձենք տեսնել գրեթէ ամէն բանի մէջ, սակայն շատ անգամ սեփական որոշումը եւ կամ պատահականութիւնը կը շփոթենք Աստուծոյ կամքին հետ: Վերջերս տեղի ունեցող երկրաշարժներու ընթացքին շատ շատեր հրաշքով ազատեցան մահուան ճիրաններէն, սակայն բազմահազար մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցուցին: Իրականութեան մէջ փրկուողն ու չփրկուողը Աստուծոյ աչքին հաւասար են եւ վստահաբար փրկուողներուն մէջ կան մարդիկ, որ աւելի մեղաւոր են՝ քան չփրկուողները: Եթէ փրկուողներուն համար ըսենք, թէ «Աստուած է զիրենք փրկողը», Աստուծոյ դէմ մեղանչում մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Աստուած արդար ըլլալով բոլորը հաւասար կը սիրէ եւ պիտի՛ սիրէ. եթէ փրկուիլը Աստուծոյ սիրոյն նշան որպէս պիտի ընդունինք, ապա չփրկուողները պէտք է Աստուծոյ համար ատելինե՞ր նկատենք:
Տարօրինակ չէ՞, որ երբ երկրաշարժ ըլլայ մարդիկ կ՚ըսեն «Աստուած պատժեց», այլ խօսքով Աստուած ի՛նք երկրաշարժի պատճառ դարձաւ, սակայն նոյն Աստուածը այս կամ այն անձը փրկեց. հակասութիւն մը չէ՞ք տեսներ այդտեղ: Արդար ու սիրող հայր մը պիտի պատժէ իր զաւակները, սակայն միեւնոյն ժամանակ որպէս սիրոյ արտայայտութիւն պիտի փրկէ անոնցմէ մի քանին: Պատկերացուցէք ոճրագործ մը, որ դանակահարելէ ետք զոհին ջուր կը հրամցնէ՝ որպէսզի ծարաւ չմնայ. Ճիշդ այս նմանութիւնը ունի այս պարագային Աստուծոյ գոյութիւնը:
Աստուծոյ կամքն ու Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլը իրականութեան մէջ տարբեր բաներ են, որովհետեւ Աստուծոյ կամքը մէկ է եւ ընդհանուր. այնպէս մը չէ որ Աստուծոյ կամքը ինծի համար ուրիշ, սակայն քեզի համար տարբեր կարենայ ըլլալ: Աստուծոյ կամքը բոլորիս համար համահաւասար ձեւով գրուած է Աստուածաշունչին մէջ եւ տարբեր տեղ կարելի չէ փնտռել Աստուծոյ կամքը: Այս նիւթը կը շեշտենք, որովհետեւ առանց նկատելու Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատք ունենալը փաստելու համար կը դաւաճանենք Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը՝ ազատութիւնը, որովհետեւ այդ ազատութեամբ է, որ մարդ կ՚ապրի եւ կը գոյատեւէ եւ այդ ազատութեան հաշւոյն վերջաւորութեան հաշուետու պիտի ըլլայ բարձրեալ Աստուծոյ:
Առանց նկատելու, յաճախ մենք կը հակասենք մեր համոզումներուն. կ՚ըսենք, թէ վերջաւորութեան Աստուած մեր արարքներուն համար մեզ պիտի դատէ, սակայն մեր արարքներուն մէջ անոր կամքը կը փնտռենք ու կը տեսնենք. ինչպէ՞ս Աստուած պիտի դատէ մեզ՝ երբ մեր կեանքի մէջ տեղի ունեցող ամէն պատահար կամ դէպք իր կամքին արդիւնքը պիտի ըլլան: Պատկերացուցէք մայր մը, որ իր զաւակը ջուր բերելու կը ղրկէ, սակայն վերադարձին կը բարկանայ, թէ ինչու համար ան ջուր բերելու գնաց:
Այս հարցերու մասին խօսած ժամանակ սակայն յաճախ կ՚ուզեմ ինքս ինձ հակասել. Աստուած արդար ըլլալով բոլորը հաւասար կը սիրէ, սակայն խտրութիւն գոյութիւն ունի՞ այդտեղ. օրինակ՝ Նոր կտակարանին մէջ կը կարդանք «Յիսուսի սիրելի աշակերտը». կրնա՞յ ըլլալ արդար Աստուած մը խտրութիւն դնէ իր արարածներուն միջեւ. մեր կրօնքը մեզ «ոչ» կ՚ըսէ, սակայն նայելով մեր շուրջը, տեսնելով ոմանց բախտաւոր կեանքը՝ կը կարծենք, թէ անոնք Աստուծոյ համար աւելի սիրելի են՝ քան մենք: Սակայն անոնց յաջողութիւնը ո՛չ Աստուծոյ կամեցողութեան եւ ոչ ալ հրաշքի հետ կապ ունի. պէտք է գիտնանք, որ Աստուած ո՛չ մարդը կը հարստացնէ եւ ոչ ալ կ՚աղքատացնէ, այլ ամէն մարդ ազատութեամբ իր կեանքի ղեկը առաջնորդելու իրաւունքը ունի:
Եթէ ամէն բան կապ պիտի ունենար Աստուծոյ կամքին հետ, ինչո՞ւ համար գոյութիւն ունին բանտերն ու չարագործութեան դէմ օրէնքները. մարդ մը կը սպաննուի եւ կ՚ըսեն. «Աստուած այդպէս գրեր է». ուրեմն եթէ Աստուած էր այդպէս գրողը, ինչո՞ւ համար ձերբակալել եւ բանտարկել ոճրագործը:
Տեսած եմ շատեր իրենց աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ կամքը կը խնդրեն, որովհետեւ վերջապէս Տէրունական աղօթքին մաս կը կազմէ «եղիցի կամք քո»ն, սակայն Աստուծոյ կամքը հանելուկ մը չէ. պարզ ու յստակ է եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ կարելի է հասկնալ այդ կամքին բովանդակութիւնը: Աստուած իմ կեանքիս համար տարբեր եւ քու կեանքիդ համար տարբեր ուղի մը որոշած չէ, այլ այդ ուղին ստեղծած ենք ես եւ դուն, մեր որոշումներով, մեր սխալներով ու ճիշդերով եւ եթէ մահէ ազատած ենք, այդ մէկը պարզապէս մեր բախտն ու նախախնամութիւնն է, որովհետեւ արդար հայ մը պիտի չհանդուրժէ իր զաւակներուն մէկուն մահը եւ միեւնոյն ժամանակ ուրիշի մը փրկութիւնը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -259-
Մի քանի օր առաջ քահանայ բարեկամներէս մէկը կը բողոքէր. Հայաստանի մէջ տուն օրհնելու սովորութիւն չկայ, սակայն շրջանի առաջնորդը պարտադրած է քահանաներուն տուն տուն շրջին եւ կատարեն տունի օրհնութիւն:
Սփիւռքի մէջ այդ մէկը մինչեւ օրս յարգի արարողութիւն մըն է, սակայն Հայաստանի մէջ քիչ մը տարօրինակ կրնայ թուիլ։ Քահանան առաջնորդին հրամանին վրայ սկսած էր շրջիլ փողոցները։ Մարդիկ բացած են իրենց տան դուռը եւ «մեզ քահանայ պէտք չի» ըսելով դուռը ամուր գոցած անոր դէմքին. աւելի քան մի քանի տասնեակ տուն շրջելով միայն մի քանին ընդունած էին զինք:
Այս մէկը կարդալու ժամանակ պարզապէս պէտք է յիշել, այն ալ հպարտութեամբ, որ առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը մենք ենք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան