ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2014-2015 ուսումնական տարուան եզրափակիչ հանդիսութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որով ամփոփեց 2014-2015 ուսումնական տարին։ Նորին Սրբազնութիւնը կանգ առաւ անցեալ տարուան ընթացքին ճեմարանի մշակութային եւ քարոզչական, ընկերային, գիտա-մանկավարժական գործունէութեան վրայ։ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ զանազան հոգեւոր հաստատութիւններու եւ համալսարաններու հետ ճեմարանի համագործակցութեան, գրահրատարակչական հետազօտութիւններուն եւ «Սերմնացան» մատենաշարի արձանագրած յաջողութիւններուն։ Տեսուչ Սրբազանը ճեմարանի նկատմամբ հայրական հոգածութեան համար երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ «Այս լոյսին ներքեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը հայ իրականութեան մէջ պէտք է ըլլայ նաեւ այն անմատոյց ամրոցն ու լուսաւոր փարոսը, որ անաղարտ կը պահէ հայագիտութեան դարաւոր աւանդները եւ մշտավառ լուսաւորչեան կանթեղը», ըսաւ ան։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ ճեմարանի սաները հանդէս եկան ասմունքներով, նաեւ խմբերգներով։ Ցերեկոյթը եզրափակուեցաւ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի խօսքով, որու ընթացքին ան ներկաներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան գնահատանք յայտնեց ճեմարանի տեսչական եւ դասախօսական անձնակազմի հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն նկատմամբ՝ անցեալ տարի ներդրուած ջանքերուն եւ կատարուած աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ ճեմարանի մէջ ուսանած լուսեղէն կերպարներուն՝ հայ ժողովուրդի նշանաւոր մտաւորականներուն մասին եւ ճեմարանականներուն յորդորեց շարունակել անոնց ուղենշած ճանապարհը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ նուիրեալ հոգեւորականի կերպարին ու մաղթեց, որ իրենց առաքելութեան ընթացքին սաները Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհները ծառայասիրութեան ոգիով առատօրէն բաշխեն մարդոց։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ աղօթքով եւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը այս տարի ունի քսանվեց շրջանաւարտ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024