ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀՐԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԸ

Փարիսեցի հրեան, ինչպէս դեռ դարձի չեկած Պօղոս, կը հաւատային, որ Օրէնքը տեսանելի ճշմարտութիւն է։

Հռովմայեցիներու ուղղուած նամակին Է 12 համարին մէջ Պօղոս առաքեալ սապէս կը գրէ. «Օրէնքը սուրբ է», եւ որպէս Քրիստոնեայ, ան երբեք կասկած չունեցաւ այդ մասին։ Սակայն, դարձեալ, Հռովմ. Բ 17-29 համարներուն մէջ, ան կը մտածէ, թէ՝ ինչո՞ւ հրեան չի կրնար իրագործել իր քարոզածը՝ զիրար հակադրելով. «Օրէնքի կիրառումը» եւ «Օրէնքի պահանջած առանձին կէտերու կատարումը»։

Արդարեւ, Օրէնքի նպատակն է ցոյց տալ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ճշմարիտ յարաբերութիւնը։ Այս փոխադարձ կապը ո՛չ թէ «օրինապահ հնազանդութիւն» կ՚ենթադրէ, այլ հիմնուած է հաւատի վրայ, որը «կը հաստատէ Օրէնքը» (ՀՐՈՎՄ. Գ 31)։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, որ թլփատուած հրեան, եթէ Աստուծոյ հետ ոչ ճիշդ յարաբերութեան մէջ է, կարող է նաեւ չթլփատուած համարուիլ։ Սա ճի՛շդ է դէպքը հակառակ կողմէ դիտուելու պարագային եւս. «Եթէ անթլփատ մարդը Օրէնքի իրաւունքները պահէ, անոր անթլփատութիւնը արդեօք թլփատութիւն չի՞ համարուիր». (ՀՌՈՎՄ. Բ 26)։

Փարիսեցիի համար. «Օրէնքի իրաւունքները» կը թելադրեն օրէնքի պահանջներուն մանրակրկիտ կատարումը։ Քրիստոնեայ Պօղոսի համար արտաքին թլփատութիւնը էական չէ՝ եթէ մարդը նոյնիսկ հեթանոսը, ունի հաւատ. սա միայն կը փաստէ Աստուծոյ հետ ճշմարիտ յարաբերութիւնը։ (Թլփատել=առնանդամի մաշկը ծայրատել՝ ծայրէն կտրել)։ Պօղոս առաքեալ, անկասկած, խիստ օրինապահ, մինչեւ իսկ «օրինապաշտ» ռաբբի էր, այսինքն՝ տէր, հրէից վարդապետ, սակայն, որպէս քրիստոնեայ, ան կը հաւատար, որ Յիսուս յարութիւն առած Տէրն է, Աստուծոյ Որդին է։

Յիսուս խաչուած էր եւ այդպիսով «անիծուած», քանի որ «ծառէն կախուեցաւ». (ԳԱՂԱՏ. Գ 13)։ Եւ Օրէնքն կ՚ըսէր, թէ՝ «Յիսուս անիծուած է»։ Ահաւասիկ, այս փաստը դրդեց Պօղոսը վերստին մտածելու Օրէնքի մասին։ Հին կտակարանի կրօնը, ի վերջոյ, կատարեալ չէ՛ր եւ կը պահանջէր սոսկ «կոյր հնազանդութիւն»։

Պօղոս առաքեալ կը վերասահմանէ «հրեայ» եւ «թլփատութիւն» բառերու աւանդական իմաստները։

Արդարեւ, ճշմարիտ հրեան ան է, որ իր հաւատով ունի ներքին պատշաճ յարաբերութիւն Աստուծոյ հետ։

Իսկ ճշմարիտ թլփատութիւնը աշխարհահայեացք է եւ ոչ թէ մարմնի վիճակ։ Իսկապէս միա՛յն Աստուծոյ յայտնի է, թէ ո՛վ է «հրեայ» եւ ո՛վ «թլփատուած» է. ան որ ճշմարիտ հաւատով կը յարաբերուի Աստուծոյ հետ։ Իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ հպարտօրէն կը նշէ, որ ինք չ՚ամչնար Աւետարանի համար. «Այն Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ ի փրկութիւն բոլոր հաւատացեալներու… որովհետեւ Աստուծոյ արդարութիւնը որ հաւատէն է, հաւատի համար կը յայտնուի». (ՀՌՈՎՄ. Ա 16)։

«Արդարութիւն»ը յունարէն լեզուով՝ կը հիմնաւորուի «իրաւաբանական եզր»ի վրայ, որ կը նշանակէ «դատական ատեանի անկողմնակալ վճռի հրապարակում»։ Իրաւաբանութեան մէջ սա կը նշանակէ՝ «արդարացում», իսկ բարոյագիտութեան մէջ կը նշանակէ՝ «ըլլալ Աստուծոյ բարեհաճութեան մէջ»։ Բարեպաշտ հրեան կը մտածէր, որ ինք կարո՛ղ է արդար ըլլալ Աստուծոյ առջեւ՝ պարզապէս Օրէնքը պահելով, սակայն վկայակոչելով ՍԱՂՄՈՍ ԺԴ 3-ը, որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, որ ո՛չ ոք արդար է։ Ան կը փաստէ՝ որ այն բոլորը, որ կարող է ընել Օրէնքը, ան մարդոց իրենց անձերը ճանչնալ տալն է, քանի որ Օրէնքի միջոցով մեղքը կը ճանչցուի. (ՀՌՈՎՄ. Գ 20)։ Այս կը նշանակէ եւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ՝ Օրէնքը տալու նպատակը ի՛նչ է։

Ուստի, մարդուն Աստուծոյ հետ ճշմարիտ յարաբերութիւնը կը հաստատուի ո՛չ թէ անոր սեփական ջանքերովը, այլ Յիսուս Քրիստոսի, որպէս Աստուծոյ հետ մարդու հաշտեցման՝ իրարու մերձացման միջոցի, ունեցած հաւատի հանդէպ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 8, 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023