ԸՍԵԼԻՔ ԵՒ ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԸՆԵԼԻ՛Ք…

Եկեղեցւոյ առաջնակարգ պարտականութիւնն է՝ յոյս ներշնչել եւ հեռու պահել ժողովուրդը հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ անտարբեր կեցուածքէ։ Արդարեւ, «արժէք»ը հիմքն է ամէն էութեան եւ մանաւանդ մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքի։ Թէ ի՞նչ է «արժէք»ը։ Արժէքը՝ հաւատարմութիւն է, անկեղծութիւն է՝ եղբայրսիրութեան, ազատութեան եւ հաւասարութեա՛ն։ Եւ այս իմաստով, «արժէք»ը իրատե՛ս ըլլալ է, ան՝ որ իրատես է, անկեղծ է, եւ այն՝ որ անկեղծ է՝ հաւատարիմ է իր կոչումին։

Եւ մեզմէ ո՜րքան կը պակսի հաւատարմութիւնը մեր իսկ արժէքներուն, աւանդական յարգին եւ գնահատանքին։ Արդարեւ, անկեղծ եւ հաւատարիմ ըլլալ՝ կը նշանակէ խորհուրդի, խօսքի եւ գործի միութիւն եւ համապատասխանութիւն։ Հակիրճ կերպով՝ ըսելիք խօսքերու կողքին ունենալ նաեւ եւ մա՛նաւանդ «ընելիք» գործեր։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս կէտին է որ թերութիւն եւ տկարութիւն ունինք գրեթէ մենք բոլորս։ Կ՚ըսենք՝ կը խօսինք, բայց առհասարակ չե՛նք գործադրեր այն՝ ի՛նչ որ կ՚ըսենք. ներող եղէք, բայց անտարբեր եւ «ծո՛յլ» ենք այդ մասին։ Ընդհանրապէս կը յուլանանք, անփոյթ կը դառնանք, կ՚ալարինք մեր ըսածները եւ խօսածները գործադրելու եւ կիրարկելու մէջ։

Եւ ասիկա, առաւել եւս զգալի է աղօթքի մէջ՝ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան ընթացքին։

Մարդ անգամ մը որ կը վճռէ հաւատարիմ եւ անկեղծ ըլլալ, կը սորվի «հաւատքով աղօթել»։ Ուստի, հաւատքը որդիական անկեղծ փարումն է Աստուծոյ, մեր զգացածէն եւ հասկցածէն վեր։ Ասիկա մեզի համար հնարաւոր դարձած է, քանի որ սիրեցեալ Որդին մեր առջեւ Հօր մուտքը կը բանայ։ Որդին կրնայ ուրեմն խնդրել մեզմէ, որ մենք ալ «փնտռենք» եւ «բախենք», քանի որ դուռը եւ ճանապարհը Ի՛նքն է իսկ։ Եւ ինչպէս որ Յիսուս Հօր պարգեւները ընդունելէ առաջ՝ Անոր կ՚աղօթէ եւ գոհութիւն կը մատուցանէ, մեզի ալ կը սորվեցնէ նո՛յն «որդիական համարձակութիւնը եւ յանդգնութիւնը» ունենալ. «Ի՛նչ որ խնդրէք աղօթքով, հաւատացէ՛ք թէ արդէն իսկ ընդունած էք». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։

Ահաւասիկ, այսպիսին է աղօթքի զօրութիւնը. «Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ». (ՄԱՐԿ. Թ 23) եւ «չի՛ վարանիր». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 21)։ Յիսուս ո՛րքան որ կը տխրի Իր մերձաւորներու դէմ, անոնց «հաւատքի պակասին». (ՄԱՐԿ. Զ 6), եւ Իր աշակերտներուն «սակաւ հաւատքին». (ՄԱՏԹ. Ը 26), նո՛յնքան ալ կը սքանչանայ «Հռոմայեցի հարիւրապետին». (ՄԱՏԹ. Ը 10) եւ «Քանանացի կնոջ» մեծ հաւատքին դիմաց. (ՄԱՏԹ. ԺԵ 28)։

Քրիստոսաւանդ հաւատքով ըսուած աղօթքը չի՛ կայանար միայն «Տէ՛ր, Տէ՛ր» ըսելուն մէջ, այլ սիրտը ներդաշնակելու Հօր կամքին հետ. (ՄԱՏԹ. Է 21)։

Յիսուս կը յորդորէ Իր աշակերտները, որ իրենց աղօթքին մէջ կրեն աստուածային ծրագրին հետ գործակցե՛լու վառ մտմտուքը. (ՄԱՏԹ. Թ 38), (ՂՈՒԿ. Ժ 2), (ՅՈՎՀ. Դ 34)։ Յիսուս երբ աղօթքի խորհուրդը Իր աշակերտներուն բացէ ի բաց կը յայտնէ, կը յայտնէ նաեւ, թէ ի՛նչ ըլլալու է անոնց եւ ապա մե՛ր ալ աղօթքը։ Այն՝ ի՛նչ որ «Ի՛ր անունով հայցելն է». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 13)։ Քրիստոսի հաւատքը կը ներմուծէ աշակերտները Հօր ճանաչումին մէջ, որովհետեւ Յիսուս է «Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը, եւ Կեանքը». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատքը իր պտուղը կու տայ սիրոյ մէջ. այսինքն՝ պահելով Անոր Խօսքը եւ պատուիրանները, բնակելով Անոր հետ Հօր, որ կը սիրէ մեզ Անոր մէջ՝ մեր մէջ բնակելու աստիճան։ Այս Նոր Ուխտին մէջ, մեր խնդրանքներուն ընդունելի ըլլալու ստուգութիւնը հիմնուա՛ծ է Յիսուսի աղօթքին վրայ։

Ուստի, ըսենք, բայց նաեւ գործե՛նք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 10, 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2023