ԴՐՈՒԱՏԻՔ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ
Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւեց այս այցելութիւնը, որ անցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Կուսակալը յայտնեց, որ միշտ լսած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի դրուատիքը, հետեւաբար փափաքած էր նաեւ այցելել ու տեղւոյն վրայ ծանօթանալ հաստատութեան։ Պետրոս Շիրինօղլու, որ բարձրաստիճան հիւրը ողջունելով գոհունակութիւն յայտնեց իր տուած պատուին համար՝ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւանդանոցի անցեալին, ներկայ գործունէութեան եւ թրքահայ կեանքէ ներս ունեցած դերակատարութեան շուրջ։ Վասիփ Շահին շրջայց մը կատարեց նաեւ հիւանդանոցի թանգարանին մէջ, որ եւս ստեղծուած է Պետրոս Շիրինօղլուի բարերարութեամբ։
Հիւանդանոցի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Վասիփ Շահին ստորագրած է նաեւ հաստատութեան պատուոյ տոմարը։ Իր տպաւորութիւններուն մէջ կուսակալը առանձնապէս գոհունակութիւն յայտնած է թանգարանը տեսած ըլլալու եւ Պետրոս Շիրինօղլուի կատարած մեծ գործին վկայած ըլլալու բերումով։ Կուսակալը շեշտած է, որ այս հաստատութիւնը քաղաքացիներուն առողջապահական ծառայութիւն մատուցելու առընթեր կը ծաւալէ նաեւ գործունէութիւն ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս։ Վասիփ Շահին նաեւ շնորհաւորած է հիւանդանոցի ղեկավարութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, ի մասնաւորի Պետրոս Շիրինօղլուն։ Ան արձանագրած է նաեւ իր մաղթանքը, որպէսզի յաջող ծառայութիւնները ըլլան յարատեւ։
Այցելութեան աւարտին Վասիփ Շահին գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024