ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքն է օրէնքը։

Անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն օրէնքի մը հրամանին տակ դնել կը նշանակէ օրէնքի մը ներկայութիւնը ե՛ւ անհրաժեշտութիւնը։ Ուստի, օրէնքի միջամտութիւնը անհրաժեշտ պայման եւ պահանջ մըն է, երբ մարդկային կամքը եւ դատողութիւնը վստահելի չեն։

Մարդկային կեանքը երբեք միակտուր եւ միաձոյլ, միապաղաղ կ՚ընթանայ. հոն կա՛յ վերիվայր վիճակներ՝ փոթորկալից կամ հանդարտ, խաղաղ ապրումներ։ Ուստի, մարդ պարտաւոր է զգուշաւոր կերպով ընթանալ՝ հակառակ պարագային կրնայ բաղխին, գուցէ՝ սկզբունքները, բարքերը, աւանդութիւնները եւ գաղափարները՝ հակասող հոսանքներու հետ։

Եթէ ամէն մարդու գաղափարը, հաւատալիքը, համոզումը եւ կարծիքը նոյնը ըլլար, եթէ նոյն հեռանկարով՝ իտէալներով շարժէր, նոյն նպատակներուն ծառայէր, նոյն փափաքները հետապնդէր, բաղխում չէր ըլլար։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն է՝ որ «գաղափարներու բաղխումէն է որ կը յայտնուի ճշմարտութիւնը»։

Մարդիկ տարբեր «ճամբաներ»ով ճշմարտութեան հասնիլ կը ջանան. տարբեր ճամբաներէ կը յառաջանան։ Ոմանք, փոխաբերական իմաստով, հիւսիսէն հարաւ կ՚ընթանան, ուրիշներ՝ արեւելքէն արեւմուտք։ Հարցը սա՛ է, որ բոլորն ալ նոյն նպատակին կը հասնի՞ն։

Եւ երբ մարդիկ տարբեր ճամբաներէ կը յառաջանան, մարդոց քալած ճամբան անպատճառ կը խաչաձեւուի, կամ ճամբաները կը կտրուի՝ որ կը նշանակէ հակասութիւններու ծնունդ տալ։ Եւ մարդկային կեանքի դժուարութիւնները ծագում կ՚առնեն այս խաչաձեւումներէն՝ իրար հակասող եւ խանգարող հանդիպումներէն։ Անհատը կը բաղխի անհատի հետ, հաւաքականութիւնը հաւաքականութեան հետ եւ ազգ ազգի հետ, քանի որ իւրաքանչիւրը իրարու հակառակ կը խորհի, հակառակ կը մտածէ, կը զգայ, կը խօսի եւ հակառակ կը գործէ…

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ դարմանը այս հակառակութեան. ի՞նչ կը մտածէք այս մասին սիրելի՜ բարեկամներ։

Սա պէտք է ընդունինք, որ ո՛չ մարդը կը փոխուի եւ ոչ ալ՝ ճամբաները՝ խորհուրդներու, հաւատալիքներու, համոզումներու եւ նպատակներու ուղղութիւնները։

Ուրեմն միակ միջոցը կը մնայ զգոյշ եւ խոհեմ ըլլալ սպառնացող վտանգին դէմ։ Բաղխումով ճամբան չի կտրուիր, այլ՝ ճամբան կը խափանուի՝ հետզհետէ անելի կ՚առաջնորդուի։ Բաղխումը՝ պայքարը որեւէ հարց, որեւէ խնդիր չի՛ լուծեր։ Իմաստութիւնը կը պահանջէ համբերութեամբ սպասել՝ մինչեւ որ ճամբան անվտանգ է եւ ապահով, եւ այն ատեն կը շարունակէ իր ճամբան՝ վայելել կեանքը՝ իր ամբողջ պարունակութեամբ, այսինքն իր գաղափարներով, հաւատալիքներով եւ երազնե՜րով…

Սկզբունքը սա ըլլալու է. եթէ ճամբան շիտակ է՝ մի՛ շեղիր անկէ։ Յետոյ, սկզբունքներդ, հաւատալիքներդ, համոզումներդ, Քրիստոսդ, Աւետարանդ մի՛ ենթարկեր չարերուն տեղծած վտանգին՝ որոնք ճամբան կը խաթարեն, կը խանգարեն եւ կը խաչաձեւեն։

Կեանքի ճամբուն խաթարումներուն վրայ մենք զգուշացուցիչ Լոյս մը ունինք. Յիսուս Քրիստոսը եւ Իր Աւետարա՛նը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2023