ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԴ.)
Լեզուները մարդոց պէս են,
իրենց յատուկ ճակատագիրը
ունին եւ պէտք է ունենան.
Մեր ժողովուրդը իրականութեան մէջ ո՛չ թէ գրաբարէ աշխարհաբարի անցաւ, այլ գրաբարէ անցաւ թրքախառն հայերէնի եւ այդ թրքախառն հայերէնն է, որ ստեղծեց մեր արդի աշխարհաբարը՝ շատ մը բառեր զտելով, իսկ շատերը պահելով: Զարթօնքի սերունդէն առաջ ունեցանք շատ մը անտաշ գրողներ, որոնք գրական լեզու եւ ճաշակ չունէին ինչքան Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն, Մեծարենցն ու Պարոնեանը, սակայն փորձեցին գրականութիւն ստեղծել. շատեր կը հաւատան, թէ այդ անտաշ գրականութիւնը՝ թրքերէն, արաբերէն ու պարսկերէն բառերով համեմուած հիմքը եղան աշխարհաբարին։ Այս կապակցութեամբ Շաւարշ Միսաքեան «Բազմավէպ»ի հարիւրամեակին կապակցութեամբ գրած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Խորթ բառեր եւ ասութիւններ, շարադրական անճաշակ վարժութիւններ կան որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին։ Մինչեւ անգամ երիտասարդ վարդապետներու գրչին տակ։ Եւ սակայն, ապերախտութիւն պիտի ըլլար ուրանալ անոնց բերած նպաստը, հարիւր տարի առաջուան թրքախառն հայերէնը այսօրուան ճկուն եւ հոսուն, հարազատ աշխարհաբարին հասցնելու համար»:
Սակայն, իրականութեան մէջ այդքան ալ դիւրին չէր ստեղծել վերջնական աշխարհաբար մը, որովհետեւ մտաւորականներ բաժնուած էին երկու մասի. ոմանք կը հաւատային, թէ ժողովուրդին աւելի հասանելի ըլլալու համար պէտք է իրենց առօրեայ խօսակցական «հայերէն»էն կազմէին այդ աշխարհաբարը, իսկ ուրիշներ ունէին այն համոզումը, որ հայերէնի հիմքերը պահելու համար աշխարհաբարը պէտք էր հիմնել գրաբարի հիման վրայ: Օրինակի համար, աշխարհաբարը գրաբարի վրայ հիմնելը Գրիգոր Զօհրապ սխալ կը նկատէր. ան իր «Աշխարհաբարեա՞Ն Թէ Գրաբարեան» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Աշխարհաբարը գրաբարով կոկելու ջանքը լեզուագիտական սխալ մ՚էր՝ ամուլ մնալու դատապարտած»: Գրիգոր Զօհրապ կը հաւատար, թէ աշխարհաբարը իր ուժերը պէտք է որ քաղէ ժողովրդական բարբառէն: Իրականութեան մէջ աշխարհաբարը մտաւորական մարդիկ չէ որ ստեղծեցին. այնպէս ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոց հայոց Այբուբենը ստեղծեց, նոյն ձեւով չէ որ մարդիկ աշխարհաբարը մշակեցին։ Ժողովրդական բարբառը ստեղծեց այդ պէտքը եւ ժամանակի ընթացքին, բազմաթիւ գրողներու ջանքերով ու նաեւ հակառակութիւններով է որ ստացաւ իր մերօրեայ վիճակը: Աշխարհաբարի ստեղծումը գուցէ լաւագոյնս բացատրել Զօհրապի խօսքերով. «Ժողովուրդն է միայն որ կը դարբնէ լեզուն կեանքի ամենօրեայ սալին վրայ, իր կամքին, պէտքին, զգացմանց ու հաճոյքին համեմատ»:
Այսօր մենք հակառակը կը մտածենք, որովհետեւ կը գիտակցինք, թէ գրաբարը մեր ազգին պատկանող մեծագոյն արժէքներէն մէկն է եւ ամէն գնով պէտք է կենդանի պահել զայն. այդ գիտակցութիւնն է, որ մեզի դէմ կը հանէ եկեղեցական արարողութիւնները աշխարհաբարի վերածել ուզողներուն, սակայն փաստօրէն գրաբարը շատերու համար այնքան ալ ազգային արժէք չունի. օրինակի համար, Գրիգոր Զօհրապ այդ նոյն յօդուածին մէջ գրաբարը կը կոչէ «մեռեալ լեզու, որ պատմական ըլլալէ ուրիշ նշանակութիւն չունի այսօր»։ Այս խօսքերը Զօհրապ կը պաշտպանէ հետեւեալ բացատրութեամբ. «Մեր ժողովրդական լեզուն պիտի զարգանայ ուրեմն ինչպէս կը զարգանան ուրիշ ամէն լեզուներ ոչ թէ հինին դառնալով այլ այդ լեզուն խօսող հասարակութեան իմացական կարողութեան համեմատութեամբ»:
Այլ խօսքով՝ շատեր մայր գրաբար լեզուն կենդանի պահել կ՚ուզէին արդար այն մտածումով, որ հիմքն է մեր լեզուին եւ պէտք է ապրի, իսկ ուրիշներ լեզուի աղբիւրը մէկ կողմ ձգած ժողովուրդին համար հասկնալին ու դիւրինը կ՚ուզէին կեանքի կոչել, որովհետեւ կը գիտակցէին, թէ գրող մը առանց ընթերցողի՝ այնքան ալ արժէք եւ իմաստ չունի. ի՞նչ օգուտ եթէ Զօհրապ իր վիպակները գրէր գրաբար լեզուով, անաղարտ պահելու մայրենին, սակայն ընթերցող չունենար: Պէտք էր այս երկու խնդիրներուն միջեւ լուծում մը գտնել՝ թէ՛ սիրաշահիլ ժողովուրդը եւ թէ պահել մաքուր մայրենին: Գուցէ այդ է պատճառը, որ շատ մը օտար բառեր դուրս չդրուեցան մեր գրականութենէն. իսկ արեւմտահայ ու արեւելահայ աշխարհաբարի կազմութիւնները ամբողջութեամբ ուրիշ պատմութիւն մըն է:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
Հ.- ՄԷՃԼԻՍ
Այս բառը թէեւ այսօր մեր խօսակցութեան մէջ շատ չենք գործածեր, սակայն տարօրինակ ձեւով կը գտնենք բազմաթիւ տաղերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ.-
Հայ դասական մատենագիրներէն Մարտիրոս Խարբերդցի իր տաղերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Զերդ որ երթանք հարկ ու մէճլիս»:
Ուրիշ անանուն բանաստեղծէ մը մեզի կը հասնի միջնադարեան բանաստեղծութեան հետեւեալ տողը. «Արեկ, որ նստինք մէճլիս ի սէյրան»:
Մէճլիս բառը կարելի է տեսնել նաեւ Նահապետ Քուչակի երգերուն մէջ. օրինակի համար, անոր «Վեցերորդ տաղաշարք»ին մէջ կը կարդանք. «Քանի որ մէճլիս նստիս, ուներովդ հեի ինձ զըրուցես»: «Առաջին տաղաշարք»ին մէջ եւս Նահապետ Քուչակ կը յիշէ մէճլիս բառը, ըսելով. «Զհաւասն ի մէճլիս դըրեր, թէ շինեմ, ու զտունն աւիրեր»:
Յովսէփ Մալէզեան մէճլիս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել խնճոյք բառը, թէեւ այդ բառը շատ մը այլ գրողներու կողմէ կը թարգմանուի որպէս ժողով կամ հաւաք:
ՀԱ.- ՄէՅՏԱՆ
Այս բառը յաճախ որպէս տեղանուն մեր դիմաց կը յայտնուի, սակայն որպէս առանձին բառ գործածող գրիչներ չեն պակսիր.-
Շաւարշ Միսաքեան իր «Քիչ մը ճաշակ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գործածէ մէյտան բառը. «Մակարդակ մը կայ ուրկէ վար իջնել՝ կը նշանակէ ոչ թէ մշակել ածուն, այլ անտէր մէյտանի մը վերածել զայն»:
Այս բառը կը գտնենք Զապէլ Եսայեանի «Երբ այլեւս չեն սիրեր» աշխատութեան Ե. գլուխին մէջ. «ո՜վ է ատ ապուրը ուտողը նէ թող մէյտան ելլա՜յ...»: Նոյն բառը Եսայեան կը գործածէ «Կրակէ շապիկ» աշխատութեան մէջ. «թո՛ղ մէյտան գայ, պատասխանը առնէ. խրատ տուող շա՜տ»:
Համաստեղ եւս իր «Համբոյրը» աշխատութեան մէջ կը գործածէ այս բառը. «Կ՚ըսես մէյտան է, մէյտան։ Ալ ի՜նչ ըսեմ՝ պասմայով շալվար, կապերով գոնտռայ...»:
Յակոբ Օշական եւս իր «Սասունցի Դաւիթ» քնարախաղին մէջ կը գործածէ մէյտան բառը. «Վար առնեմ բարտին, մէյտանը մաքրեմ»:
Յովսէփ Մալէզեան մէյտան բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել հրապարակ բառը:
ՀԲ.- ՄԻԼԼԷԹ
Այս բառը գրականութեան մէջ շատ տեղ գտած բառ մը չէ, սակայն դարձեալ կարելի է գտնել գրողներ, որոնք իրենց գրութիւններուն մէջ գործած են այս բառը.
Օրինակի համար, Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան Բ. գլուխին մէջ կը կարդանք. «Աս միլլէթը մարդ ընողը ե՞ս մնացի մի»:
Միլլէթ բառը Զապէլ Եսայեան կը գործածէ «Աւերակներուն մէջ» աշխատութեան» «Ճամբուս մէջ» գրութեան մէջ. «այս աշխարհիս վրայ ուրիշ երկինք չկա՞յ արդեօք, ուրի՞շ միլլէթ չկա՞յ… ի՞նչ դժոխք է...»:
Այս բառը հայատառ թրքերէն գրութիւններու մէջ շատ կարելի է գտնել, մանաւանդ քաղաքական յօդուածներու եւ գրութիւններու մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան միլլէթ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ազգ բառը, թէեւ շատ անգամ որպէս ժողովուրդ ալ կը թարգմանուի:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -342-
Դրացի երկիրներու միջեւ լեզուի ազդեցութիւնը ինչքան ալ խոցելի թուի մեզի, անուրանալի իրողութիւն մըն է, ո՛չ միայն հայերուս պարագային, այլ ընդհանրապէս:
Շաբաթ մը առաջ եղբօրս հետ մեկնեցայ Իրանի Հանրապետութիւն։ Հասանք Թաւրիզ քաղաք. կը խօսին պարսկերէն, սակայն չես գիտեր ինչու ականջիդ թրքերէն կը լսուի եւ կը նկատես, որ բառերու մեծամասնութիւնը թրքերէնի նոյն բառերն են: Թրքերէն խօսիս՝ կը հասկնան, սակայն ամբողջութեամբ թրքերէն չէ որ կը պատասխանեն: Ո՜վ գիտէ ինչ ուսումնասիրութիւն մը դուրս կու գայ, եթէ լեզուագէտ մը փորձէ թրքերէն եւ պարսկերէն լեզուներու համեմատութիւնը կատարել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան