«ԶԱՐԹԻ՛Ր»
Արցախը ամբողջութեամբ կորսնցնելէ ետք, կը վերադառնանք մեր ամենօրեայ մտահոգութեան՝ մեր ազգութիւնը չկորստնցնելու կարեւորագոյն խնդիրին, որ թէեւ ոչ շօշափելի, հողի կուորստին չափ եւ աւելի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Մեր թուականէն 41 տարիներ առաջ՝ 1 մայիս 1982 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ օրուան առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի կողմէ (ապագային Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք) հրատարակութեան կը տրուի փոքր աշխատութիւն մը՝ «Զարթի՛ր» անունով, որուն նպատակը կ՚ըլլայ արդէն իսկ կամաց կամաց օտարացող հայ մանուկները աւելիով մօտեցնել հայկական արժէքներուն:
Պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ թէ՛ Գահիրէի, Պոլսոյ եւ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունեցած է «Զարթօնք» անունով հրատարակութիւններ (Լիբանանի մէջ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել «Զարթօնք» թերթը). այդ ժամանակ զարթօնք էր, սակայն Մանուկեան գուցէ զգալով որ զարթօնքը կամաց կամաց խոր քունի կը վերածուի, իր հրատարակութիւնը կը կոչէր «Զարթի՛ր»: Անուան կապակցութեամբ Թորգոմ Սրբազան կը գրէ. «Մանկական այս թերթիկին անունը դրուեցաւ «Զարթի՛ր», որ կը նշանակէ արթնցիր, նպատակ ունենալով Հայ Մանուկի հոգիին մէջ արթնցնել ու արթուն պահել սէրը հանդէպ իր Մայրենի լեզուին եւ հանդէպ իր ժողովուրդի պատմութեան»:
Սրբազան Հայրը «Զարթի՛ր»ի հրատարակութեան որպէս պատճառ նախաբանին մէջ կը գրէ. «Սիրելի հայ մանուկ, ահաւասիկ քեզի համար նոր հրատարակութիւն մը: Մեր փափաքն ու նպատակն է, որ դուն կարդաս այս նոր հրատարակութեան բովանդակութիւնը՝ որպէսզի ճոխացնես ու հարստացնես քու գիտութիւնդ Հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի»:
Շարունակելով իր խօսքը Թորգոմ Սրբազան կ՚ըսէ. «Ոչ մէկ պատճառ ունի ամչնալու հայ ըլլալուդ» եւ այսպիսով կ՚ուզէր աշակերտութիւնը քաջալերել, որպէսզի անոնք իրենց ինքնութեան ու ազգութեան մասին տեղեկութիւն ունենան եւ կը յորդորէր զիրենք ըսելով. «Սորվէ՛ մայրենի լեզուդ, խօսէ,- կարդա՛- ու աղօթէ՛ Հայերէն լեզուով, ապրէ՛ ու գործէ՛ որպէս Հայ՝ որպէսզի մենք ապահովութիւնը ունենանք մեր ժողովուրդի պայծառ ապագային»:
Ոչ միայն այսօր, նոյնիսկ այդ ժամանակ մտահոգութիւն էր, որ այն ժամանակուան «նոր սերունդ»էն ո՞վ հայերէն պիտի ուզէր կարդալ։ Նոյն հարցումը այսօր մենք ալ կ՚ունենաք յաճախ. ցաւ ի սիրտ, կը զգանք ու գիտենք սփիւռքի մէջ ապրող հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հայաթափութիւնը, սակայն նման արժէքները վերյիշեցնող հրատարակութիւն մը որքանո՞վ օգտակար պիտի դառնայ, որովհետեւ եթէ 41 տարիներ առաջ մտահոգութիւն էր մանուկ ընթերցողներու պակասը, այսօր որքանո՜վ աւելի պիտի ըլլայ:
Թորգոմ Սրբազանի այս հրատարակութենէն կը հասկնանք, որ ան կը հաւատայ, թէ կարելի չէ հայ ըլլալ, նոյնիսկ հայ զգալ, առանց մայրենի լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը գիտնալու:
«Զարթի՛ր»ը յետ Սրբազան Հօր խօսքին ու յառաջաբանին սկիզբ կ՚առնէ ինքնաճանաչումի մեծագոյն հարցումով. Ո՞Վ ԵՍ ԴՈՒՆ. ի պատասխան այս հարցին հետեւեալ պատասխանը կը տեսնենք.
-Դո՛ւն հայ ես: Քու ազգիդ առաջին հայը Հայկ կը կոչուի: Հայկ ազատասէր մէկը եղաւ: Ան փոխադրուեցաւ երկիր մը իր ազգականներով, զինուորներով ու բարեկամներով հո՛ն բնակեցաւ: Այդ երկիրը կոչուեցաւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ բնակիչները ՀԱՅ:
Իրականութեան մէջ, պէտք է նկատի ունենալ, որ այս տողերը գրուած են մանուկներու համար եւ ոչ մեծահասակներու: Անոր մէջ կարեւոր կը նկատենք առաջին երեք բառերը.- Դուն հայ ես. Կը կարծենք հայ ծնած ըլլալու կողքին հայ զգալէն կու գայ այս արտայայտութիւնը, ինչ որ ամէն իսկական հայ պարտի բարձրաձայնել: Այնպէս ինչպէս ամէն Քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ծնած անհատ անպայմանօրէն քրիստոնեայ չ՚ըլլար, նոյնն է պարագան հայութեան, որովհետեւ տարբեր բաներ են հայ ծնիլն ու իրապէս հայ զգալը, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, շատ են մեր մէջ հայ ծնողները՝ որոնք իրենց հայութեան կամ ազգութեան մասին գրեթէ ոչինչ գիտեն:
Սակայն պէտք է յիշել Քրիստոսի խօսքը.- «Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին»։ Մենք այսօր մամուլը ընթերցողներէն աւելի չընթերցողներուն համար է որ կը հրատարակենք, որպէսզի կարդան ու կարդան, որովհետեւ հայերէն սորվելու եւ ինչու չէ քիչ մը աւելի հայ զգալու լաւագոյն միջոցը կը շարունակէ մնալ ընթերցանութիւնը:
Մեր թուականէն 41 տարիներ առաջ Թորգոմ Սրբազանի գլխաւորութեամբ հրատարակութեան ճամբով կը փորձէին հայրենասիրութիւն ու մայրենի լեզուի գիտութիւն փոխանցել. այսօր 41 տարիներ ետք լաւապէս կը գիտակցինք, որ այդ մէկը այս օրերուն ընելը ամբողջութեամբ անօգուտ է, որովհետեւ այսօր մեծահասակները թերթ չեն կարդար, ո՜ւր մնաց մանուկները՝ որոնք տարուած են աշխարհայնացման քաոսով: Այսօր պէտք է լաւագոյն միջոցները գտնենք, որպէսզի Թորգոմ Պատրիարքի նման փորձենք մերօրեայ մանուկներուն մէջ սրսկել հայրենասիրութիւն ըսուածը, ինչ որ գրեթէ անծանօթ է իրենց: Պէտք է ընդունինք, որ նիւթական միջոցներ չեն որ կը պակսին. աշխատանք ու կամք է որ կը պակսի մեր մէջ. պէտք է ստեղծել, արդի արհեստագիտութեան բարիքները ի գործ դնել՝ որպէսզի հողի կորուստէն յետոյ որպէս մխիթարութիւն կարնենաք փրկել կորսուող սերունդները, որովհետեւ միայն անոնց հայրենասիրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ փրկել արդէն իսկ մահամերձ մեր հայրենիքը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -362-
«Զարթի՛ր» աշխատութեան մասին գրած ժամանակ մտածեցի, որ մեր դպրոցներուն մէջ գործածուող դասագիրքերը եւս ունին նոյնքան հնութիւն՝ ինչքան «Զարթի՛ր»ը:
Աշակերտութեան ժամանակ Հայոց պատմութեան դասագիրքը ունէր աւելի քան երեսուն տարուան կեանք. հայերէնի դասագիրքը՝ նուազագոյնը քսան, իսկ տրամաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ մանկավարժութեան դասագիրքերը՝ երեսուն-քառասուն տարի:
Մինչեւ այսօր այս դասագիրքերէն շատեր կը շարունակուին որպէս դասագիրք ծառայել սփիւռքի շատ մը դպրոցներու մէջ եւ մենք լրջօրէն ունինք պակասը արդիական դասագիրքերու: Լուրջ պակասութիւնը ունինք դուրս գալու հինէն եւ անցնելու նորին՝ որպէսզի աշակերտները եւս աւելիով սէր ունենան դասապահերուն նկատմամբ՝ քան այսօր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան