ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼ
«Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս եւ իմ բաժինս ապրողներու երկրին մէջ», կ՚ըսէ Դաւիթ. (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 5)։
Մարդ արարածը ըստ էութեան, բնաւորութեամբ տկար է եւ անկատար։ Եւ բնական է այս, քանի որ ան «արարած» է եւ ունի կատարեալ Արարիչ մը։
Այս ուղղութեամբ մարդը միշտ կը կարօտի ապաւէնի մը՝ որուն յանձնուելով կրնայ պահել եւ շարունակել իր գոյութիւնը այս երկրաւոր աշխարհի վրայ։ Ուստի «վստահելի» մը փնտռել անհրաժեշտ է «տկար» մարդուն համար։ Անշուշտ որ, մարդն ալ որոշ չափով զօրութեամբ եւ ուժով օժտուած է՝ բոլորովին տկար չէ, քանի որ ան Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է եւ մանաւանդ որ ան «ազատ կամք»ի նման կարողութիւն մը, ուժ մը ունի՝ աստուածատուր շնորհ մը։ Բայց մարդ պէտք է գիտնայ իր ուժին սահմանը, կարողութեանը չափը եւ իրեն համար կարելիին կշիռը։ Մարդ, անշուշտ որ կրնայ վստահիլ եւ ապաւինիլ իր աստուածատուր զօրութեան եւ կարողութեան, քանի որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։ Սակայն ինքնավստահութեան չափը պէտք է լաւ չափէ մարդ, որովհետեւ իր ուժէն եւ կարողութենէն վեր ինքնավստահութիւնը՝ ինքնախաբէութիւն է, եւ ենթակային ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնա՛ս կը պատճառէ։
Բայց, մարդ, ընդհանրապէս երկրային ժամանակաւոր, անցաւոր բաներու ապաւինիլը, անոնց վստահիլ եւ յանձնուիլը կը նախընտրէ, եւ անոնցմէ յոյսը կը կտրէ, որպէս «վերջին յենարան» Աստուծոյ կը դիմէ։ Մինչդեռ Աստուած՝ որպէս Արարիչ եւ Նախախնամ Հայր, մարդուն առաջնակարգ ապաւէնը եւ վստահելի՛ն է։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ երբ նեղ դրութեան կամ անել վիճակի, նեղութեան մատնուին եւ այլեւս վերջանան երկրային-աշխարհային ամէն ճար եւ դարման, այն ատեն Աստուծոյ կը դիմեն։ Բայց նեղութեան մը պարագային նախ պէտք է դիմել Աստուծոյ՝ որ յարմար ճար մը եւ դարմանի մը ճամբան ցոյց տայ իրեն, եւ այն ատեն ճիշդ եւ շիտակ դարմանով մարդ պիտի ազատի իր նեղութենէն։ Որովհետեւ, Աստուած է որ ցոյց պիտի տայ հնարք մը, ելք մը ներկայ նեղ կացութենէն եւ Ան է որ մարդս պիտի առաջնորդէ այդ յարմարագոյն եւ պատեհ «միջոց»ին։
Արդարեւ, աշխարհային ամէն ճար, դարման եւ դեղ «միջոց»ներ են Աստուծոյ կամքին։ Ուստի կ՚ընդունուի եւ կ՚ըսուի, որ բժիշկները՝ Աստուծոյ երկրի վրայ ձեռքերն են, այսինքն Անոր գործակատարները, Անոր միջնորդները։ Անոնք հմուտ են, գիտակ են, բանիմաց են, վարժ եւ մասնագէտ են, կարող են՝ ո՛չ մէկ կասկած անշուշտ։
Բայց պահ մը անկեղծութեամբ խորհինք, մարդուն բանականութիւնը եւ բժիշկին յատկութիւնը եւ կարողութիւնը ո՞ւրկէ է։
Անշուշտ ոմանք պիտի ըսեն՝ իր խելքէն եւ ուսման զօրութենէն։ Իրաւունք ունին. խելք եւ ուսում մարդս կը զարգացնէ, կը կատարելագործէ։ Սակայն գիտական ճշմարտութիւն մըն է՝ թէ ամէն արդիւնք պատճառի մը բնական հետեւանքն է, եւ ուրեմն բոլոր պատճառներ ի վերջոյ արդիւնքներ են նախորդ պատճառի մը եւ այս պատճառներու դէպի ետք յաջորդականութիւնը մեզ կը տանի վերջապէս պատճառի մը, վերջնական պատճառի մը՝ որ պատճառն է բոլոր պատճառներուն եւ հետեւաբար բոլոր արդիւնքներուն։ Չէ՞ որ պատճառները պէտք է ունենան վերջին պատճառ մը, որ է իսկութեան մէջ «Առաջին Պատճառ»ը։ Եւ ահաւասիկ այդ «առաջին պատճառ»ն է՝ Աստուած։ Եւ ասիկա ո՛չ միայն հաւատքի, այլ գիտական հետազօտութեան մը՝ որոնումի մը բնական արդիւնքն է։
Ուրեմն, այս կէտին կ՚արժէ անգամ մը եւս յիշել Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ հաւատալով հասկնալ, հասկնալով հաւատա՛լ։
Մեր հաւատքը երբեք հրամայականոն հաւատք մը չէ՛. «dogmatique» պատուէրներ չեն մեր հաւատքը, այլ՝ հասկցուած, ըմբռնուած, մեր բանականութեան հաշտ ճշմարտութիւններ…
Եւ քանի որ հաւատքը հրամայականոն դրութիւն չենք ընդունիր, ապա ուրեմն հաւատքը պէտք է ապրինք նախ «խօսք»ով եւ յետոյ «գործք»ով։
Եւ ահաւասիկ, հաւատքի մէջ խօսքը՝ «աղօթք»ն է։
Մարդիկ խօսելով իրար կը հասկնան, իրար կը ճանչնան, իրարու իրենց փափաքները, ի հարկէ իրենց պահանջները կը ներկայացնեն՝ օգնութիւն կը խնդրեն, կ՚ընդունին եւ կը փոխադարձեն…։ Ընտանիքի մը մէջ որդիներ «խօսք»ով իրենց պահանջները կը ներկայացնեն իրենց ծնողներուն։
Եւ մարդ «խօսք»ով կը մօտենայ իր Արարչին եւ Նախախնամին՝ իր երկնային Հօր՝ Աստուծոյ, եւ ահաւասիկ այդ խօսքը «աղօթք»ն է։ Մարդ երբեք ինքնաբաւ չէ, որքան ալ կարծեն ոմանք, մարդ մի՛շտ պահանջքը ունի օգնութեան, ապաւինելի եւ վստահելի անձի մը։ Եւ մարդուս ամենէն վստահելին իր ծնողքն է, եւ մարդուն երկնային Ծնողը՝ Արարիչը՝ Աստուած։ Եւ քանի որ մարդ միշտ օգնութեան պահանջքը ունի, ապա ուրեմն պահանջքը ունի միշտ յարատեւ աղօթելու։ Ուրիշ խօսքով՝ տեւապէս հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ։
Կ՚ըսեն ոմանք, թէ՝ կ՚աղօթեն բայց իրենց աղօթքը անպատասխան կը մնայ։ Աղօթքը պէտք է ըլլայ կատարեալ հաւատքով. վարանումով, երկմտութեամբ կատարուած աղօթքը չի հասնիր իր նպատակին, քանի որ Յիսուս Ի՛նքն է որ կ՚ըսէ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի»։ Աղօթքի մէջ վստա՛հ ըլլալ, ապահով եւ ստոյգ աղօթքը անպայմա՛ն կը լսուի եւ պատասխան կը գտնէ Աստուծմէ։ Բա՛ւ է որ «աղօթել» գիտնանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ