ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ հանապազօրեայ պայքար մղել՝ առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասին տեսակէտէ ընդհանրական սպառնալիքի մը վերածուած է։ Թէեւ Պատրիարքարանը վարձակալութեան պայմանագիրը չեղարկած է, սակայն, իւրաքանչիւր քայլափոխին յայտնի կը դառնայ, որ կարելի պիտի չըլլայ այս գործը այդքան դիւրութեամբ հարթել։ Ըստ երեւոյթին, խնդիրը այնքան մակերեսային չէ, որ պայմանագրի չեղարկումով թղթածրարը փակուի։ Բնականաբար, գործընթացի նախորդ փուլերուն հայոց վանքին անունով առնուած իրերայաջորդ անհեռատես քայլերը այսօր գոյաբանական ռիսքեր ստեղծած են։ Այժմ տակաւին յայտնի չէ, թէ այդ ռիսքերը անդառնալի՞ են կամ ոչ։

Յամենայնդէպս, վերջերս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կոչով մը զօրակցութիւն պահանջած էր Սուրբ Քաղաքի քրիստոնեաներէն։ Ըստ երեւոյթին, այդ կոչը ունեցած է դրական արձագանգ։ Հայոց վանքի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Երուսաղէմի պատրիարքները եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները շաբաթավերջին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Սուրբ Քաղաքի եւ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն անունով անոնք հայկական թաղամասի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնած են եւ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտած՝ Հայոց Պատրիարքութեան ի նպաստ։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ մատնանշուած են՝ հայոց թաղէն ներս վերջերս պատահած բռնի դէպքերը։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ նման խնդիրները կրնան հարթուիլ միայն օրինական բանակցութիւններով, որոնք կրնան կանխել մագլցումներն ու բռնութիւնները։ Յայտարարութեան հեղինակները համոզուած են, թէ վերջին խափանարարութիւնները մարտավարութիւն մը կը համարուին՝ գետնի վրայ հայկական ներկայութիւնը ջնջելու համար, ինչ որ Սուրբ Քաղաքէ ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան տեսակէտէ տկարացում եւ վտանգ կը նշանակէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023