ERVAB ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԺՈՂՈՎՈՎ ՄԸ ԱՄՓՈՓԵՑ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան 2023 թուականի վերջին ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Տարեվերջի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ ERVAB-ի երէկուան ժողովը տեւեց շուրջ 5 ժամ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ նիստը վարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ ERVAB-ը։

Դռնփակ ժողովէն վերջ, ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, ERVAB-ի ելմտական, կրթական եւ ծրագրաւորման յանձնաժողովներուն կողմէ ներկայացուեցան զեկուցումներ։ Սայաթ Չընար մանրամասնութիւններ տեղեկացուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի գործունէութեան շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով կալուածներու հասոյթներուն եւ համակարգչային նոր ծրագրերու ենթակառուցուածքներուն։ Այս փուլին եւս համայնքային վարիչները առաջնահերթօրէն անդրադարձան վարժարաններու պիւտճէի բացերուն։ Ի լրումն այս բոլորին, հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան մեր դպրոցներու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան վերաբերեալ հարցերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նիստի ընթացքին մատնանշեց, որ ERVAB շատ աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովականներուն հետ բաժնեց նաեւ իր մտահորիզոնը այն նիւթերուն շուրջ, որոնք ERVAB-ի եւ Պատրիարքարանի կողմէ միասնաբար պէտք է յառաջ տարուին։ Պատրիարքական Աթոռի տարեկան պիւտճէին մասին ալ ժողովականներուն բացատրութիւններ տրուեցան՝ Արեգ Ֆերահեանին կողմէ։

Նիստի ընթացքին որոշուեցաւ թրքահայ համայնքին անունով յոբելենական ձեռնարկ մը կազմակերպել՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ։ Ժողովականները, միեւնոյն ժամանակ, շնորհաւորութիւններ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որու ընտրութեան չորրորդ տարեդարձն էր։

Այս առաւօտ երէկուան ժողովին կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Այս վերջինը յայտնեց, որ մեր վարժարաններու ընդհանուր կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է։ Իր խօսքով՝ մեր վարժարաններու աշակերտութենէն շուրջ 1150 հոգի՝ երկրաշարժի տեսակէտէ բարձր ռիսքով շէնքերու մէջ կրթութիւն կը ստանայ եւ մեր համայնքային վարիչները, դժբախտաբար, այս առումով կը մնան ձեռնածալ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023