ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ կազմի սիւներէն՝ Նուրիձա Կէզէրն ու Մուրատ Կէօրէյը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի՝ 17 դեկտեմբերին, Եշիլգիւղի վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է եւ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Շաբաթավերջի կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները նախատեսուած են Եշիլգիւղի մէջ, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Երէկուան հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, թէ Եշիլգիւղի վարժարանը, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 198-ամեակը, ունի 281 աշակերտ՝ 56-ը մանկապարտէզի, 114-ը՝ նախակրթարանի եւ 109-ը միջնակարգի մէջ։ Թաղային խորհուրդի ներկայ կազմը պաշտօնավարութեան շրջանին փորձած է ընել առաւելագոյնը՝ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի բարեկեցիկ ընթացքին համար։ Անոնք ուրախութեամբ շեշտեցին, թէ միջնակարգէն շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը կ՚ընտրէ համայնքային լիսէները։

Կիրակի օրուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Եշիլգիւղի ընտանիքը յայտնեց, թէ կ՚ակնկալէ վարժարանին ի նպաստ համայնքային շրջանակներու զօրակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023