ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս տարի եւս Ամանորի շրջանին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Զանազան փուլերով ծրագիր մը մշակուած էր ու որպէս եզրափակիչ՝ Կաղանդի հանդէսը իսկապէս բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։ Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան եւ Մխիթարեանի ընտանիքին պատասխանատուները։ Աշակերտները յաջող ելոյթներով խլեցին ծափահարութիւններ։ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան բոլորին յղեց բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ։ Դպրոցի ծնողաց միութիւնն ալ՝ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նման զօրաշարժի մը ենթարկուած էր, որպէսզի Մխիթարեանի ընտանիքին տարեմուտը անցնի աւանդական շուքով, տղաքը կարողանան լի ու լի ըմբոշխնել ուրախութիւնը եւ հաղորդ դառնան տօնական շրջանի խորհուրդին։

Այս բոլորին ի շարունակութիւն փոքրիկները Կաղանդ պապուկին ձեռքով յուշանուէրներ ալ ստացան, ինչ որ ամենաառանցքայինն էր անոնց համար։

Հուսկ, բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակելով ու զիրար շնորհաւորելով հրաժեշտ առին դպրոցէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024