ՄԻՔԱԹԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սուրբ Ծնունդը նշեց աւանդական շուքով։ Մինչ այդ, Ճրագալոյցի օրը Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթի այցելեց Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը վարչապետին հետ շօշափեց Լիբանանի ներքին կեանքին վերաբերեալ հարցեր՝ մասնաւորապէս նախագահական ընտրութիւններու թնճուկը։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Կազզէի պատերազմի հետեւանքներուն։

Միքաթի ընդգծեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը՝ երկրի դիմագրաւած տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ պայքարի ճանապարհին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանի հայութեան օգտակար հանդիսանալու՝ որեւէ ծրագրի պարագային։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024