ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, թեմակալ առաջնորդներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Պատարագիչ հայր սուրբը օրուան քարոզին մէջ նշեց, որ ամէն պայքար կարելի է յաջողութեամբ պսակել, եթէ մեր հայեացքը ուղղուած է դէպի մեր հաւատքի զօրագլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան միաբանութեան եւ ներկայ հաւատացեալներուն անունով շնորհաւորեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետը՝ անուանակոչութեան օրուան առթիւ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան, պայծառութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ արգասաբեր հովուապետութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024