ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ՈՒՂՂԵՑ ՆՈՐԱՊՍԱԿ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցան Տեառնընդառաջի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Տ. Գրիգորիս Քհնյ. Պօղոսեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ՝ հանդիսապետութեամբ Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս սպասարկող նորապսակ սարկաւագները, որոնց փոխանցեց երջանկութեան մաղթանքներ։ Ան յորդորեց աւետարանական ոգիով ապրիլ, որպէսզի աստուածային խաղաղութիւնն ու սէրը մշտապէս անպակաս ըլլան նորակազմ ընտանիքներուն մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024