ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱԹՎԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լիթվայի նորանշանակ դեսպան Էտիթ Մետնէն։ Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ տարածաշրջանի բարդ իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ շարունակական ոտնձգութիւններուն, երկրի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Արցախէն բռնի տեղահանեալներու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, գերիներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն։ Ան յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան եւ բարեկամ երկիրներու գործօն աջակցութեամբ հայ ժողովուրդը պիտի կարողանայ պաշտպանել իր արդար իրաւունքները։

Իր կարգին, դեսպան Էտիթ Մետնէ անդրադարձաւ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ անոնց ընդլայնման ուղղեալ աշխատանքներուն։ Ան կարեւորեց առանց բռնի ուժի կիրառման երկխօսութեան միջոցաւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ Արցախէն տեղահանեալներու լիարժէք համարկումը Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024