Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻՆ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տնտեսի կիրակիի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ Պահքի սեղան։
Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024