Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը, որ քանի մը օրէ ի վեր քաղաքիս մէջ կը գտնուի։ Ան Անթիլիասէն եկած է մասնակցելու համար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յանձնախումբերէն մէկուն հաւաքին՝ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի հիւրընկալմամբ։

Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան այդ ժողովներուն մասնակցելէ վերջ շարունակած է իր կեցութիւնը՝ իջեւանելով Պատրիարքարանի մէջ։ Ան կատարած է զանազան այցելութիւններ եւ Մեծ պահոց այժմու շրջանին մեր քանի մը եկեղեցիներու մէջ մասնակցած՝ արարողութիւններու։ Մինչ այդ, Նորին սրբազնութիւնը շաբաթավերջին այցելած է Եփեսոս։

Երէկ յետմիջօրէին հաճելի զրոյց մը ունեցանք Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի։ Ան փափաքած էր խմբագրատունս այցելել իր կեցութեան եզրափակիչ փուլին՝ բաժնելու համար տպաւորութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ, իր տպաւորութիւնները դրական էին։ Յամենայնդէպս, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Մերձաւոր Արեւելքի առկայ անկայունութեան՝ տուեալ երկիրներու հայ համայնքներուն կրած ծանր ազդեցութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքի դիմագրաւած ինքնապահպանման մարտահրաւէրներն ալ առանձին մտահոգութեան առարկայ դարձան։

Ի յիշատակ այցելութեան Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան մեզի յանձնեց իր վերջին գիրքերէն օրինակներ եւ մեր խմբագրութեան կողմէ ալ ստացաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած հատորներ։

Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան վաղը կը վերադառնայ Անթիլիաս։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024