ԱԿՆԱՐԿ - 59 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶՂՋՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ փունջ մը մտածումներ, ապաշխարութեան եւ զղջումի մասին:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- Ինչ բանը որ մարմինի համար խոց ու բալասան է, ապա նոյնն են մեղքն ու ապաշխարութիւնը հոգիին համար։ Շատ ուշադիր եղիր խօսքերուս հանդէպ. խոց եւ բալասան, մեղք եւ ապաշխարութիւն։ Խոցը մեղք է, ապաշխարութիւնը՝ բալասան։ Խոցը թարախն է, բալասանը ի վիճակի է թարախը մաքրելու:

- Եթէ ամէն օր մեղք կը գործես, ամէն օր զղջայ։ Այն խարխուլ տուներուն նման, որոնք կը փտտին, եւ մենք կը հեռացնենք փտած մասերը եւ նորերով կը փոխարինենք, եւ երբեք այդ տեսակի հոգերը չենք անտեսեր, ճիշդ այդպէս ալ դուն վարուիր. եթէ մեղքերէն խարխլած ես, դուն քեզ նորոգէ՛՝ ապաշխարութեամբ:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կը գրէ.

- Ջերմեռանդ ապաշխարութիւնը այսպէս է, չի խնայեր ո՛չ հարստութիւն եւ ո՛չ ալ ֆիզիքական յոգնութիւն, այլ կը նեղէ, կը մաշեցնէ, կը տառապեցնէ եւ կը պահանջէ միայն մեղքերու թողութիւն ու հոգեկան ախտերէն բժշկութիւն, որոնցմով մեր մեղքերը պիտի քաւենք եւ մեր հոգիներուն վէրքերէն բժշկուինք։ Կարելի է մեղքը քաւել ծոմապահութեամբ, արթուն մնալով. աղօթքով, խնդրուածքներով եւ գորովագին պաղատանքներով. կարելի է մեղքերը քաւել քուրձով, մոխիրով եւ չոր գետնի վրայ պառկելով. կարելի է մեղքերը քաւել լալով, ողբալով եւ աղքատներուն գթալով. կարելի է մեղքերը քաւել ողբալով, հառաչելով եւ անդադար արտասուելով. կարելի է մեղքերը քաւել հեզութեամբ, խոնարհւթեամբ եւ հնազանդութեամբ. կարելի է մեղքերը քաւել բարութեամբ եւ բարերարութեամբ. կարելի է մեղքերը քաւել եղբայրասիրութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղովը. կարելի է մեղքերը քաւել ուղիղ վարքով եւ վարդապետութեամբ:

- Բժիշկներու դեղերու արմատները մարմինի ցաւերը կ՚առողջացնեն, իսկ ապաշխարութեան արտասուքի հեղումը հոգիներու մեղքի վէրքերը կը բուժէ, մանաւանդ անոնց, որոնք կ՚ապաշխարեն աղքատներուն ողորմութիւն ու գթութիւն ընելով:

Բարսեղ Մաշկեւորցին կը գրէ.

- Ինչո՞ւ համար Աստուած անմիջապէս չի պատժեր։ Որովհետեւ, քեզի զղջալու առիթ կու տայ։ Ան մեղաւորին մահը չ՚ուզեր, այլ՝ զղջալն ու ապրիլը:

- Չկայ որեւէ բան, որ ապաշխարութեան արցունքին նման ջնջէ մեղքերը, պայծառացնէ հոգին ու գեղեցկացնէ դէմքը:

Գէորգ Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.

- Ո՛վ կատարելապէս ապաշխարած է, ո՛վ կորստեան ճանապարհէն դարձած է, ո՛վ ըմբռնած է խաղաղութեան ուղին, ո՛վ տօնած է իր վերածնունդը՝ ան անշուշտ ճաշակած է զղջումի քաղցրութիւնը՝ ներքին ազատութիւն զգացած, ան գիտակցած է, թէ այլեւս մեղքի՝ աշխարհի զաւակ չէ, այլ՝ Յիսուսի՛ աշակերտ՝ Աստուծոյ որդեգիր:

- Ի՜նչ երանի էր, որ մեր սիրտերն ալ կատարեալ զղջումով լեցուէին եւ Տիրոջ շնորհքին արժանանալով՝ վերստին ապրէինք։ Ի՜նչ երանելի կ՚ըլլար, որ ապաշխարութեան այս օրերուն, Փրկիչի խաչի զօրութեան եւ հովանիին տակ, մեր ապաշխարանքն ալ երկնային պտուղներ բերէր՝ ոսկիի նման մաքրելով եւ սրբելով մեր հոգին, արդարութեան ու անձնուիրութեան ճամբան բռնէր եւ սիրոյ գործեր ծնէր։ Ի՜նչ երանի կ՚ըլլար, որ մեր ապշախարութեան արցունքներն ալ ի զուր տեղ չթափէին, այլ՝ գարնան ջերմ անձրեւին նման մեր սիրտերը պտղաբերէին եւ արդարութեան ծիլեր տային: 

Էմմանուէլ Քհնյ. Նազարեան կը գրէ.

- Ապաշխարութեան բոլոր տեսակներն ալ մեր մեղքերը կը լուան եւ երկրորդ աւազան կը դառնան։ Տակաւին չէ եղած ապաշխարող մը, որ իր սիրտը կոտրէ Յիսուսին առջեւ ու չփրկուի:

- Կրկնուած զղջումը հոգին կը մաշէ, որովհետեւ մեղանչելն ու զղջալը սովորական բան կը դառնայ՝ արուեստ կը դառնայ:

- Մեղքերէն թեթեւնալու միակ միջոցը ապաշխարութիւնն է, եթէ միայն մարդ զգալով իր մեղաւորութիւնը, կը կամենայ ուղղուիլ, Աստուծոյ մօտենալ։ Ապաշխարութիւնը զղջացողին համար երկրորդ աւազան է։ Ինչքան մկրտութիւնը անհրաժեշտ քրիստոնեայ չեղող մարդուն, այնքանով ալ ապաշխարութիւնը անհրաժեշտ է մեղաւոր քրիստոնեային, որովհետեւ թէ՛ մէկով եւ թէ ալ միւսով մեղքերը կը լուացուին։ Ջուրը եւ կրակը տեսանելի կրակը կը մարէ, իսկ ջերմ արցունքը մեղքի կրակը կը մարէ։ Ապաշխարութիւնը զղջացող մարդուն վրէժխնդրութիւնն է, որով ան կը պատժէ իր անձը։ Իսկ ան որ ապաշխարութեան չի դիմեր, մեղքի վրայ մեղք կը դիզէ, կը պատժուի անմարելի կրակով:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ.

- Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է՝ որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք։

- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ։

- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն։

- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր, իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ։

- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր, իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ: 

- Ապաշխարել կը նշանակէ, գործուած յանցանքին համար զղջալ. ցաւ զգալ, մեղքը լալ, եւ այդ մեղքը կամ յանցանքը քաւելու համար որոշ պատիժ մը կամ նեղութիւն մը կրել։ Այս մէկը արդէն միայն մարդուն յատուկ կրնայ ըլլալ։ Պարզ մտադրութիւն մը փոխել չէ ասիկա, պարզապէս նոր կեցուածք մը ճշդելը չէ, այլ նաեւ գործնականացումը մտածումին։ Այսպէս, տարբեր բան է անդրադառնալ տունը աղտոտած է արդէն եւ ուստի մտածել՝ թէ պէտք է մաքրել զայն, եւ տարբեր է՝ գործնականօրէն աւելը ձեռքը առնելն ու տունը մաքրելը։ Նոյնպէս, տարբեր բան է որոշ լոյսի մը տակ իր անձին վրայ ծանրացած բարոյական արատն ու թերիները տեսնելով զայն սրբագրելու մասին խորհիլը կամ նոյնիսկ որոշելը, եւ տարբեր է՝ նոյն այդ սրբագրութեան համար գործի անցնիլը եւ զայն արարքներով արտայայտելը։ Ապաշխարելը քայլ մը աւելի անդին է քան ապաշաւելը։ Անոր մէջ յանձառութիւն մը կայ, որ յաճախ ծանր կրնայ ըլլալ։ 

Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ.

- Մեղքէն հեռանալը ապաշխարութեան սկիզբն է, սակայն կատարեալ ապաշխարութիւնը մեղքէն հեռանալը չէ. կատարեալ ապաշխարութիւնը մեղքը ատելն է։ Ան որ Աստուած կ՚ունենայ իր աչքին դիմաց, անկասկած որ պիտի ամչնայ մեղանչելէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024