ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ դպիրներէն Ալպերթ Ըրկաւ ուրար կրելու արտօնութիւն ստացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան՝ Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի հանգուցեալ բնակիչները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Պուրունքըշլացիներու տարեկան աւանդական հաւաքոյթն էր այս մէկը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։ Մեր ազգայիններէն Յովսէփ Արզուման, որ երկար տարիներէ ի վեր այս գիւղի աւանդութիւնները կենդանի պահելու եւ գիւղացիներու շառաւիղները համախմբելու ուղղութեամբ կ՚աշխատի անսակարկ, հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ կը պատրաստուին հերթը փոխանցել երիտասարդներու եւ աշխատանքները բաւական հասունցած են՝ որպէս վարչական միաւոր նոր միութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ։
Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով։