ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները, որոնց շարքին էր նաեւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան։ Հանդիպման ներկայ էին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ նկատի ունենալով, որ այդ տօնակատարութիւններուն զուգահեռ կ՚իրականացուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Թաղականները բացատրութիւններ տուին իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն կապակցութեամբ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին ամենաթարմ իրադարձութիւնները՝ ընդգծելով, որ պատմական թաղէն ներս վերակազմակերպման աշխատանքները կը շարունակուին։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ։ Ան գնահատանքով դիտել տուաւ, որ համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ու դրական տրամադրութեամբ կը վկայեն Պէյօղլուէ ներս ստեղծուած նոր կլիման։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ գործունէութեան ճանապարհին։ Ան միեւնոյն ժամանակ խոստացաւ Պէյօղլուի մէջ նախագահել Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն, որոնց պիտի հրաւիրուին նաեւ համայնքային շրջանակները։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024